Հաղորդագրութիւն՝ Գուրգուրանքով Անխաթար Պահպանենք Մեր Պետականութիւնն Ու Ինքիշխանութիւնը
Հաղորդագրութիւն՝
Լոյս կը տեսնէ ամբողջական համաձայնութեամբ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Հանրապետական Վարչութեան
Գուրգուրանքով Անխաթար Պահպանենք
Մեր Պետականութիւնն Ու Ինքիշխանութիւնը
Ներկայիս մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին առջեւ ծառացող ահագնածաւալ խնդիրներն ու խորապէս տագնապեցնող բազմաթիւ պատուհասները մեզ ազգովին մատնած են ծանր մտատանջութեան։
Տաժանելի եւ խիստ բախտորոշ ժամանակներ են եւ անհրաժեշտ է որ, հաւաքաբար, կարենանք դրսեւորել համապատասխան, լիովին գիատկցուած, հաւասարակշիռ եւ պատասխանատու կեցուածք ու վարուելակերպ – կտրականապէս առաջքը առած ըլլալու համար անբաղձալի եւ անդառնալի այլազան կորուստներու։
Պահուն ծանրակշռութիւնը կը պահանջէ որ, օրէնքի գերակայութեամբ, ունենաք ամբողջական եւ ներդաշնակ միասնականութիւն։ Ճակատագրական այս օրերուն, արմատապէս զանց պէտք է առնուին բոլոր համարառութիւնները, հակակրանքներն ու քէները։ Միահամուռ կերպով պէտք է համախմբուինք, որպէսզի կարենանք խիզախաբար եւ արդիւնաւոր կերպով կուրծք տալ առկայ բազմապիսի, բոլոր սպառնալիքներուն։
Մեր պետականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը ամենանուիրական սրբութիւններ են, որոնք անխաթար եւ անձեռնմխելի պէտք է պահուին, ի գին ամէն տեսակի զոհողութեան։
Այլապէս կրնայ վտանգուած ըլլալ ազգային մեր գոյութիւնն անգամ։ Հետեւաբար, պէտք է բոլորովին կասեցնենք սպրդասացութիւնները, ցեխարձակումները, արկածախնդիր արեւելումները եւ ունայնամիտ քարոզչութիւնները։
Այս իսկ բանականութեամբ, պէտք է հանդէս գանք իբրեւ մէկ միասնութիւն եւ մէկ ճակատ։ Վճռական յանդգնութեամբ, իր գոյապայքարի յաղթական աւարտին հաւատքով զինուած, իբրեւ մէկ, անսասան ժողովուրդ։
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ