Համազգային Ճիգերով Յանուն Լիբանանի Հայութեան. Յայտարարութիւն

2020-08-07
Image

Տագնապալի օրեր են Լիբանանի եւ յատկապէս լիբանանահայութեան համար: Մայրաքաղաք Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ որոտացած սարսափազդու, ահաւոր եւ աղիտալի պայթումին լուրը ալեկոծեց համայն հայութեան սիրտը:  Կործանարար այս պայթումը, որ եկաւ աւելցնելու ամիսներէ ի վեր երկրին մէջ խորացող քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական տագնապը, աւերակ դարձուց Պէյրութի կարեւոր շրջանները, որոնց շարքին նաեւ լիբանանահայութեան բոյն հանդիսացող Պէյրութի հայկական թաղամասերը:

Դատապարտելով տեղի ունեցածը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը այս օրհասական պահուն իր ամբողջական զօրակցութիւնը եւ նեցուկը կը յայտնէ Լիբանանի ժողովուրդին եւ լիբանանահայութեան:

Սփիւռքի ամրոց համարուող Լիբանանահայ համայնքը հայկական մեծ խճանկարին մէջ իր ուրոյն տեղը եւ արժէքը ունի: Լիբանանահայութիւնն էր, որ կարողացաւ հայեցի կրթութեան, հայոց հաւատքի, ինչպէս նաեւ գաղափարական տեսիլքի ամրոցը դառնալ եւ ուղենշային դեր ունենալ ոչ միայն Լիբանանի, այլ ամբողջ Սփիւռքի համար:

Այսօր, առաւել քան երբեւէ, հարկ է, որ ամբողջ հայութիւնը՝ Հայաստանով, Արցախով եւ Սփիւռքով, անսակարկ կերպով եւ միասնական ճիգերով զօրակցին վիրաւոր լիբանանահայութեան եւ տրամադրեն ամէն տեսակի նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւն, որպէսզի դարձեալ ոտքի կանգնի լիբանանահայ գաղութը, որուն բարձր կորովին եւ կենսունակութեան մեծ յամարում ունինք:

Այս հաւատքով վստահօրէն կ'ըսենք, որ լիբանանահայութիւնը, հակառակ այսօրուան ծանր իրավիճակին, դարձեալ պիտի յառնէ, շնորհիւ իր զաւակներու ուժին եւ շնորհիւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի ամբողջական նեցուկին:

Խունկ ու աղօթք սարսափելի պայթումին հետեւանքով բոլոր զոհուածներուն յիշատակին:

Աստուած պահապան մեր ժողովուրդին
Աստուած պահապան լիբանանահայութեան
Աստուած պահապան Լիբանանին

 

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ