Հայաստանի մէջ զբօսաշրջիկներու թիւը զգալիօրէն աճած է

2019-09-06
Image

Հայաստանի Հանրապետութիւն 2019-ի առաջին կիսամեակում, ընդհանուր առմամբ, այցելած է 1 միլիոն 679 հազար անձ, եւ որոնցմէ 770 հազարը եղած է զբօսաշրջիկ:

«Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ` լրագրողներուն այս մասին ըսած է ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան կոմիտէի նախագահ Սուսաննա Սաֆարեանը:

«Ընդհանուր առմամբ 2018 թուականի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ այցելութիւններու թիւը աճած է 12,3 տոկոսով: Զբօսաշրջային այցելութիւնները աճած են 12,1 տոկոսով:

 2018 թուականին Հայաստան ժամանած է 3,7 միլիոն անձ, որոնցմէ 1,5 միլիոնը զբօսաշրջիկներ եղած են:

Այն  անձերը,  որոնք ՀՀ քաղաքացի չեն, կը դիտուին որպէս զբօսաշրջիկներ: Հիմնականօրէն Հայաստան կ՛այցելեն հարեւան եւ հայկական մեծ համայնքներ ունեցող երկիրներէ` Ռուսաստանէն, Վրաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Իրանէն, Գերմանիայէն եւ այլ երկիրներէ»,- նշած է Սաֆարեանը:

Անոր խօսքով` կ'աշխատին, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ եւրոպական երկիրներէն աւելի շատ զբօսաշրջիկ ներգրաւել դէպի Հայաստան: