Հայոց մարտունակ բանակի մեր արի զինուորները անգամ մը եւս պատմութիւն կը կերտեն. Ըլլանք անոնց կողքին
Բոլորիս քաջ յայտնի է, որ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան եւ ապահովութեան առաջին երաշխիքը եւ գրաւականը հզօր բանակ ունենալն է:
Անցնող տարիներուն գրանցուած ռազմական գործընթացները եւ յատկապէս անցնող օրերուն Տաւուշի սահմանային գօտիին վրայ տեղի ունեցած դէպքերը անգամ մը եւս շեշտադրեցին այս համոզմունքը: Հայոց բանակը, ինչպէս Հայաստանի երրորդ անկախութեան կերտման օրերուն ու մասնաւորապէս արցախեան գոյամարտի ընթացքին, այսօր եւս ցոյց տուաւ արիական կեցուածք, եւ, յենելով հայկական ոգիին եւ քրիստոնէական հաւատքի ընկալումներուն վրայ, կրցաւ վարպետօրէն լուծել իր առջեւ դրուած ռազմական բարդ եւ հիմնարար խնդրիները:
Այսօր մենք ականատես դարձանք, թէ ինչպէս հերոս ազատամարտիկներու շունչով եւ նուիրուածութեամբ մկրտուած նորաբողբոջ բանակի մեր արի զինուորները անգամ մը եւս պատմութիւն կը կերտեն:
Այս բոլորին, բնականաբար, աչալրջօրէն եւ սրտատրոփ կը հետեւի նաեւ Սփիւռքի հայութիւնը, փորձելով իր նիւթական եւ բարոյական նեցուկը յայտնել Հայ զինուորի կատարած սուրբ գործին:
Առ այդ, «Ռամկավար Մամուլ»ը վերահասու դարձաւ, որ, ի տես սահմանին վրայ ստեղծուած բաւական բարդ իրավիճակին, խումբ մը թորոնթոբնակ հայրենակիցներ, որոնք համեստաբար խնդրեցին իրենց անունը չհրապարակել, ի մի գալով, 1500 ԱՄՆ տոլարով իրենց մասնակցութիւնը բերած են «Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամ»ին, հասնելու համար մեր բանակի կարիքներուն, այդ մէկը համարելով ոչ թէ նուիրատւութիւն, այլ իրենց նուազագոյն պարտքը Հայ զինուորին հանդէպ:
«Ռամկավար Մամուլ»ը բարձր կը գնահատէ բանակաշինութեան եւ հայրենակերտութեան սրբազան գործին ուղղուած այս սրտաբուխ նախաձեռնութիւնը, եւ հաղորդելով այդ մասին, կը կամենայ որ այն դառնայ վարակիչ օրինակ, եւ առիթէն օգտուելով, անգամ մը եւս կոչ կ'ընէ իւրաքանչիւր սփիւռքահայու թիկունք կանգնելու սահմանին կանգնած Հայ զինուորին եւ իր լուման ներդնելու հայրենիքի պաշտպանութեան գործին:
Վստահ ենք, որ Սփիւռքի տարբեր շրջաններ ապրող հայրենակիցներ նոյնպէս պիտի փորձեն իրենց սրտաբուխ եւ նուիրական պարտքը կատարել յանուն մեր բանակի հզօրացման:
Նուիրաբերէ՛ հիմա, այցելելով http://www.ramgavar.am կայք, եւ վերը, աջ կողմի վրայ տեղադրուած Donate now (նուիրաբերէ՛ հիմա) կոճակը սեղմելով: