Հերոսական Արցախը այսօր կը նշէ իր Անկախութեան տօնը
Այսօր՝ 2 սեպտեմբերին, Արցախը կը տօնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 29-րդ տարեդարձը։
2 Սեպտեմբեր 1991–ին, Ստեփանակերտի մէջ, ժողովրդական պատգամաւորներու Լեռնային Ղարաբաղի մարզային Խորհուրդի, Շահումեանի շրջանային Խորհուրդի եւ բոլոր մակարդակներու Խորհուրդներու պատգամաւորներու համատեղ նստաշրջանը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման եւ անոր պետական իշխանութեան ու կառավարման ժամանակաւոր մարմիններու ձեւաւորման մասին հռչակագիր ընդունեց: Այդ օրէն սկսաւ Արցախի՝ որպէս անկախ եւ ինքնիշխան պետութեան ժամանակակից պատմութիւնը:
10 Դեկտեմբեր 1991-ին կայացաւ հանրաքուէ, որ հաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը։ Այդ օրը ԼՂՀ բնակչութեան 99 տոկոսը քուէարկեց յօգուտ անկախութեան։ Հանրաքուէէն ետք, խորհրդարանական ընտրութիւններով ձեւաւորուեցաւ ԼՂՀ խորհրդարանը, որ կազմեց առաջին կառավարութիւնը:
Անկախութեան հռչակման հետեւած 29 տարիներիու ընթացքին աշխարհի որեւէ պետութիւն չէ ճանչցած Արցախի անկախութիւնը, չնայած, պետականաշինութեան գործընթացին մէջ արձանագրուած յաջողութիւններն ակնյայտ են, իսկ Ատրպէյճանի՝ 2016 թուականի ձախողած ռազմական արկածախնդրութիւնը ցոյց տուած է, որ Արցախի անկախութիւնն անշրջելի իրողութիւն է, որ հայ ժողովուրդը հայրենիքի պաշտպանութեան վերաբերեալ աւելի միակամ եւ վճռական է, քան երբեւէ: