Մայր Աթոռի մէջ ներկայացուեցաւ Պալեաններու աւանդը. Բացումը կատարուեցաւ «Կուտինայէն Երուսաղէմ» խորագրեալ ցուցահանդէսին

2019-10-03
Image

28 Սեպտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Վաչէ Մանուկեան սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Կուտինայէն Երուսաղէմ. Յախճապակիի վարպետութեան 100-ամեայ ճամբորդութիւն» խորագրով ցուցահանդէսին:

 

1

 

Ցուցահանդէսի բացումը կատարեց Պալեաններու շարաւիղ համարուող եւ Երուսաղէմի մէջ յախճապակիի արհեստանոցի գլխաւոր տնօրէն Ընկ. Նշան Պալեան:

Հանդիսութեան ներկայ եղան Մայր Աթոռի միաբաններ, մանաւանդ որ ցուցահանդէսը կը վայելէր բարձր հովանաւորութիւնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետին:

 

2

 

Նշենք նաեւ, որ հանդիսութեան ներկայ էր Հայաստանի  մօտ Իտալիոյ պատուաւոր հիւպատոսը, դիւանագէտներ, մշակութային գործիչներ, լրագրողներ, ինչպէս նաեւ Պալեան ընտանիքի բարեկամներու նեղ շրջանակ մը:

Սուրբ Էջմիածնի կողմէ յատուկ խօսքով հանդէս եկաւ Մայր Աթոռի արտաքին յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատու Տէր Նաթան Արք. Յովհաննիսեանը: Սրբազան հայրը նշեց, որ ուրախալի է այսօրուան առիթը եւ սա սոսկական յախճապակիի ցուցահանդէս մը չէ, այլ աւելին: ԱՆ նաեւ նշեց, որ տարբեր առիթներով թուրքեր փոձած են Քոթահիայի հայկական արուեստը ներկայցնել որպէս թրքական, սակայն չեն յաջողած, որովհետեւ հայկականը ունի իր ուրոյն ոճը եւ կը տարբերուի բոլոր այլ տեսակի յախճապակեայ նմուշներէն:

 

3

 

Սրբազան հայրը նաեւ կարեւորեց այս արուեստին շարունակական ըլլալը, ընդգծելով, որ այս արուեստը այսօր կանգուն է, ողջ է, կը շնչէ եւ Երուսաղէմի մէջ բուռ մը հայեր, եւ յատկապէս Պալեանները, մեծ նուիրուածութեամբ, երկար տարիներէ ի վեր կը շարունակեն պահպանել այս կարեւոր ժառանգութիւնը:

Սրբազան հայրը նաեւ նշեց, որ հաւանական է, որ Քոթահիայէն եկած եւ Երուսաղէմի մէջ շարունակուած արուեստի այս ժառանգութիւնը նոյնպէս պիտի շարունակուի Հայաստանի մէջ եւ այդ առումով Պրն. Նշան Պալեան տարբեր առիթներով իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է Հայաստանի մէջ յախճապակիի գործի դպրոց մը հիմնելու եւ այդ արուեստի ժառանգութիւնը նորահաս սերունդներուն փոխանցելու:

 

4

Սրբազան հայրը իր խօսքը աւարտելով նշեց, որ Մայր Աթոռը նոյնպէս պատրաստ է զօրավիգ կանգնիլ այս արուետսի ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ մտադրութիւնը կայ, որ Մայր Աթոռի մէջ բացուած ցուցահանդէսը դառնայ մշտական ցուցահանդէս:

 

5

 

Սրբազան հօր խօսքէն ետք ներկաները ըմբոշխնեցին ներկայացուած արուեստի գործերը եւ շրջեցան ցուցահանդէսի տարբեր անկիւնները, ինչպէս նաեւ Ընկ. Նշան Պալեան անհրաժեշտ բացատրութիւնները ներկայացուց եւ առհասարակ պատասխանեց հետաքրքրասէր հանրութեան հարցումներուն:

 

6