ՄԵ՛ՐԸ ՊԱՀԵՆՔ ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ԱՐՑԱԽԸ. ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Բացորոշ է որ, յատկապէս 44-օրեայ աղէտաւոր պատերազմէն ետք, տագնապալից եւ ծանրակիր վիճակի ենթարկուած են Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները։ Համատարած սուգին եւ հոգեկան տաժանելի խռովքին վրայ եկած են բարդուիլ տեղահանուած մեր հարազատներուն բազմաբնոյթ անձկութիւններն ու կարիքները։ Ահասարսուռ մարտերէն տարի մը ետք, ահաւասիկ, ձմեռնամուտ է, եւ տակաւին տնազուրկ են ստուար թիւով հայրենակիցներ։
Սակայն միայն բնակարաններ չեն որ կը պակսին այնտեղ։ Շուտափոյթ կերպով կեանքի պէտք է կոչուին նաեւ դպրոցաշէնքեր, դարմանատուներ եւ անհրաժեշտ բազմաթիւ այլ կառոյցներ, որպէսզի, նուազագոյն չափով ապահովուի Արցախի հայութեան տարրական կենսամակարդակը։ Եւ այս բոլորը պէտք է ըլլան հիմա՛, պէտք է ըլլան այսօ՛ր։ Այլապէս կրնայ շատ ուշ ըլլալ։ Որովհետեւ ճարահատած մարդիկ ստիպուած կրնան ըլլալ Արցախէն մեկնելու։ Ամէն գնով պէտք է առաջքը առնուի հնարաւոր անդառնալի բոլոր հետեւանքներուն։ Պէտք է կ’անխարգիլուի ու կտրականապէս կասեցուի Արցախի հայաթափումը։
Հերոսական բնօրրանին ազատագրման եւ պահպանումին համար հազարաւոր քաջորդիներ զոհաբերեցին իրենց կեանքերն իսկ։ Արտերկրի հայութեան մեծամասնութիւնը ոչինչ կրնայ տրամադրել բացի դրամական նուիրատուութենէ։ Հասած է ճակատագրական պահը, երբ մեզմէ իւրաքանչիւրը պարտի, գործնականօրէն, ցուցաբերել իր հայրենասիրութիւնը։ Որովհետեւ, ստուգապէս, ԱՐՑԱԽԻ ԼԻՆԵԼՈՒԹԻՒՆՆ Է ԽՆԴՐՈՅ ԱՌԱՐԿԱՆ։ Հետեւաբար, նոյնիսկ զոհողութիւն ընելու գնով, պէտք է տրամադրենք հնարաւոր մեր առաւելագոյնը։
Թող ո՛չ ոք փորձէ պատրուակել իր չկամութիւնը։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը, հաշտ ըլլալով իր խիղճին հետ, անհրաժեշտ է որ դրսեւորէ իր լաւագոյնը։ Հակառակը, անատարակոյս, պիտի նշանակէ ըլլալ դասալիք։
Մեր յորդորն է որ, անյապաղ, դրամական սրտաբուխ յատկացումներ փոխանցուին դրամատնային հետեւեալ հաշիւներէն որեւէ մէկուն.
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Վարչութեան երեւանեան գրասենեակի հաշուեհամարին՝
- ԱՄՆ տոլարով փոխանցումներու համար կիրառել ստորեւ ներկայացուած դրամատնային տուեալները՝
USD
Intermediary Bank: CITIBANK NA, NEW YORK
SWIFT (BIC) code: CITIUS33
Beneficiary’s Bank: AMERIABANK, YEREVAN
SWIFT (BIC) code: ARMIAM22
Beneficiary’s Account: 1570003715320101
Beneficiary’s Name: HAYASTAN ALL ARMENIAN FUND
Details of payment: -------------------------------------------
- Եւրոյով փոխանցումներու համար կիրառել ստորեւ ներկայացուած դրամատնային տուեալները՝
EUR
Intermediary Bank: RAIFFEISEN ZENTRALBANK
OESTERREICH AG
SWIFT (BIC) code: RZBAATWW
Beneficiary’s Bank: AMERIABANK, YEREVAN
SWIFT (BIC) code: ARMIAM22
Beneficiary’s Account: 1570003715320146
Beneficiary’s Name: HAYASTAN ALL ARMENIAN FUND
Details of payment: -------------------------------------------
Ա.Մ.Ն.-էն նուիրատուութիւններ կատարելու պարագային, անոնք որոնք կը փափաքին կրնան փոխանցում կատարել «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լոս Անճելոսի տեղական մասնաճիւղի (Armenia Fund, Inc) գրասենեակի (111 North Jackson St., Suite 205, Glendale, CA 91206, USA) հաշուեհամարին՝
Bank Name: Citizens Business Bank
Holder: Armenia Fund, Inc.
Bank Acc.:0304002119
ROUTING/IBAN#:122203471
SWIFT#: CBBKUS6LWIR
Ցաւ ի սիրտ, հարկաւոր է անդրադառնալ վրդովեցնող այլ երեւոյթի մը եւս։ Ժամանակէ մը ի վեր, միտումնաւոր ծրագրումով, շրջագայութեան մէջ դրուած են անհիմն ամբաստանութիւններ եւ - ոչ այնքան թաքուն - յետին նպատակներ հետապնդող նենգախօսութիւններ՝ Հայսատան Համահայկական Հիմնադրամի հասցէին։ Նուազագոյնը ըսելու համար, եղածը չարամիտ սպրդասացութիւն է, որմէ կը տուժեն մեր երկիրն ու ժողովուրդը։
Անյետաձգելիօրէն անհրաժեշտ է որ, գիտակցուած յօժարակամութեամբ, բոլորս, անմիջաբար, արտայայտենք անբասիր մեր ազգասիրութիւնը։
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ