Մեկնարկ Ընկ. Արա Ահարոնեանի նոր հատորի հրատարակման
Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25-ի երեկոյեան, գաղափարի ընկերներ ու բարեկամներ հաւաքուած էին ընթրիքի սեղաններու շուրջ, Թահանկա աւանի Իրաքահայ Բարեգործական Միութեան կեդրոնատեղիէն ներս, ներկայ գտնուելու ծանօթ ազգային-հասարակական գործիչ, հրապարակախօս, գիրքերու հեղինակ՝ ընկեր Արա Ահարոնեանի նոր հատորի հրատարակութեան առիթով կազմակերպուած միջոցառումին։
Համառօտ ակնարկով մը հատորը պիտի պարփակէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շուրջ մէկ դարու պատմութիւնը, որ լոյս պիտի տեսնէ 2020 թուականի գարնան։
ՌԱԿ Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններու անդամներու կողքին, ներկայ էին կուսակցական ընկերներ, Իրաքահայ Բարեգործական Միութեան հաւատաւոր անդամներ եւ Միութեան ատենապետ՝ ընկեր Երջանիկ Սեդրակեանը։
Բացման ու բարիգալուստի խօսքով հանդէս եկաւ համայնքային գործիչ՝ ընկեր Յովսէփ Մելքոնեանը։ Մելքոնեան ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, բարձրախօսի մօտ հրաւիրեց ծանօթ հրապարակագիր Համբարձում Աղպաշեանը, որ իր կարգին որպէս գրչեղբայր ներկայացուց Ահարոնեանի հասարակական երկարամեայ գործունէութիւնը։
Ապա ընթացք տրուեցաւ երաժշտական յայտագրին։ Հիւրաբար ազգային երգերով մթնոլորտը ծաղկեցուց ընկեր Դաւիթ Սամուէլեանը, հայաբոյր տրամադրութիւն ստեղծելով ներկաներուն մօտ։ Իսկ իր զուարթախօսութեամբ երեկոն խանդավառեց ծանօթ կատակաբան Յարութ Սողոմոնեանը։
ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան նորընտիր անդամ ընկեր Գէորգ Հալէպլեան գնահատական խօսքով հանդէս եկաւ։ Ան հատորի հրատարակութեան կարեւորութեան անդրադառնալով, նշեց որ գիրքը պիտի պարունակէ արխիւային նիւթեր։
Փակման խօսք արտասանեց ընկեր Արա Ահարոնեան, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, ու մանաւանդ կազմակերպիչ ընկերներուն, որոնք ճիգ չէին խնայած համադամ ճաշերով, աղանդերով ու առատ ըմպելիներով սիկարի երեկոն վերածելու խանդավառ ու երաժշտախառն միջոցառման։
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ