Մեր Ժողովուրդին Կը Սպառնայ Նոր Ցեղասպանութեան Վտանգ, Որ Պէտք Է Կանխել
Արդէն 16-րդ օրն է, որ սպառնալիքի տակ կը գտնուի Արցախի հայութեան անվտանգութիւնը: Ատրպէյճանի կողմէ, «բնապահպանական» կեղծ պատճառաբանութեամբ, ապօրինի կերպով արգելափակուած կը մնայ Արցախը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհը:
Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած է մարդասիրական ճգնաժամ: Արցախի շրջափակումով ոտնահարուած է հազարաւոր արցախցիներու հիմնարար իրաւունքները: Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար բնակիչ, որոնց շարքին՝ երեխաներ, զրկուած են իրենց տարրական՝ տեղաշարժի, կրթութեան, առողջապահական ծառայութեան եւ այլ իրաւունքներէ, խափանուած է պարէնի, դեղորայքի եւ անհրաժեշտ այլ ապրանքներու ազատ մատակարարումը:
Ակնյայտ է, որ Ատրպէյճան կոպտօրէն խախտելով 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտէն, ինչպէս նաեւ միջազգային մարդու իրաւունքներէ բխող իր ստանձնած յանձնառութիւնները, իր այս եւ նախորդ գործողութիւններով կը շարունակէ սադրիչ քաղաքականութիւնը, նպատակ ունենալով մարդասիրական աղէտ ստեղծել եւ իրավիճակը տանիլ միտումնաւոր սրացման:
Այս բոլորը կը վկայեն, որ այսօր Արցախը կը գտնուի գոյաբանական սպառնալիքի առաջ։ Մեր ժողովուրդին կը սպառնայ նոր ցեղասպանութեան վտանգ, որ պէտք է կանխել, յատկապէս, միջազգային հանրութեան կողմէ Արցախահայութեան ազատ ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումով։
Ուստի, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը անընդունելի կը համարէ Լաչինի միջանցքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները եւ խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի վարած հայաթափման միտող ցեղասպանական քաղաքականութիւնը։
Ռուսիոյ Դաշնութեան կոչ կ'ընենք լիակատար կերպով իրականացնելու ռուս խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան ներքոյ գտնուող Լաչինի միջանցքով անխափան երթեւեկութիւն ապահովելու առաքելութիւնը:
Կ'ընդգծենք միջազգային այլ ձեւաչափերու՝ ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի եւ ԵՄ-ի կողմէ Արցախի մէջ մարդասիրական իրավիճակի վերահսկողութիւն իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Կրկին անգամ կը կարեւորենք միջազգային հանրութեան շարունակական ներգրաւումը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու գործին: Կ'ակնկալենք, որ անոնք կոչերէն անդին, ստիպեն Ատրպէյճանին յարգել իր ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ անյապաղ ապաշրջափակել Արցախի կեանքի ճանապարհը՝ Լաչինի միջանցքը:
Լաւապէս գիտակցելով, որ ուժային անհաւասար ներկայ պայմաններուն մէջ Ատրպէճանի նախընտրանքը պատերազմն է, եւ ան ամէն կերպ կը փորձէ հարցի լուծումը տանիլ ուժային տիրոյթ, կոչ կ'ընենք համայն հայութեան զերծ մնալու հանրութիւնը պառակտող ու պետութեան դիրքերը թուլացնող յայտարարութիւններէ, եւ ամէն ջանք գործադրելու՝ Արցախեան հիմնախնդրի լուծումը դիւանագիտական տիրոյթի մէջ պահելու:
Մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք Արցախի մեր հայրենակիցներուն:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք միջազգային հանրութեան այն ներկայացուցիչներուն, որոնք հասցէական արձագանգներով կը կանգնին Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի կողքին:
«Ռամկավար Մամուլ»