Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն

2020-09-29
Image

Այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ ամբողջ հայ ժողովուրդը զօրաշարժի մէջ է: Արցախեան անառիկ սահմանները հերթական անգամ կը գնդակոծուին, ինչպէս նաեւ հարուածի տակ են Արցախի խաղաղ բնակչութեան բնակավայրերը:

Անգամ մը եւս դարանակալ թշնամին կը փորձէ սադրային գործունէութեամբ վտանգի ենթարկել հերոսական պատումներով իր անկախութիւնը կերտած Արցախի ժողովուրդն ու բանակը:

Տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան սպառնացող գործողութիւններուն իր անթաքոյց մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Թուրքիան, գործի դնելով ոչ միայն իր տրամադրութեան տակ գտնուող ժամանակակից սպառազինութիւնը, այլ նաեւ իր ենթակայութեամբ գործող մեծաքանակ վարձկան ահաբեկչական խմբաւորումները, ռազմական գործողութիւններուն հաղորդելով աննախադէպ ծաւալներ:

Իրադրութիւններու նման դասաւորումը գիտակցիլ կու տայ, որ այսօր Հայ ազգի առջեւ անգամ մը եւս դրուած իր գոյապահպանութեան հարցը եւ այս պատերազմին մէջ մենք, բացի յաղթանակէն, այլընտրանք չունինք:

Ի տես ստեղծուած այս լուրջ եւ վտանգաւոր դրութեան, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու եւ անոր գործակից Թուրքիոյ կողմէ Արցախի եւ անոր խաղաղ բնակչութեան դէմ սանձազերծուած ռազմական յարձակումները եւ անվերապահօրէն կը հաստատէ, որ լարուածութեան սրման հնարաւոր հետեւանքներու ողջ պատասխանատւութիւնը կը կրեն բացառապէս ատրպէյճանական կողմը եւ անոր յանցակից Թուրքիան:

Այս պահը նաեւ կարեւոր է այն առումով, որ հայ ժողովուրդը իր երկար յիշողութեան համար որպէս փաստ արձանագրէ եւ զանազանէ, թէ ովքեր են հայ ժողովուրդի իսկական բարեկամները եւ իր ազատ երկրին մէջ խաղաղ ապրելու իրաւունքը յարգող եւ այդ իրաւունքի իրացման սատար կանգնող միջազգային շրջանակը:

Առ այդ, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը նաեւ կոչ կ'ուղղէ միջազգային հանրութեան եւ քաղաքակիրթ աշխարհին՝ դուրս գալու ինքնազսպումի ձեւական կոչերու փորձէն եւ համարժէք կերպով արձագանգելու ստեղծուած վտանգաւոր դրութեան, ազդու միջոցներով զգաստութեան հրաւիրելով Ատրպէյճանն ու Թուրքիան:

Այս օրհասական պահուն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, ինչպէս միշտ, իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ սահմանին վրայ արեան գնով հայրենի հողը եւ հայու արժանապատւութիւնը պաշտպանող քաջարի հերոս զինուորներուն եւ հայրենի պետութեան, պատրաստակամութիւն յայտնելով իր ունեցած բոլոր միջոցներով նեցուկ ու թիկունք կանգնելու հերոսական Արցախի ժողովուրդին եւ անոր անվտանգութեան երաշխաւոր Հայոց Բանակին:

Սիրելի հայրենակիցներ,

Ըմբռնելով պահի լրջութիւնը, պէտք է համախմբուիլ, գործել կազմակերպուած, յաղթական դուրս գալու համար մեզի պարտադրուած այս պատերազմէն:

Պատերազմը բազմաճակատ է. մարտի դաշտէն ու դիւանագիտական պատերազմէն բացի, կ'ընթանայ նաեւ տեղեկատուական սուր պայքար, ուստի անհրաժեշտ է ըլլալ զգօն, զերծ մնալ ապատեղեկատւութիւն տարածելէ եւ հաւաստի տեղեկութիւններ ստանալու համար հետեւիլ բացառապէս պաշտօնական լրահոսին:

Այսօր իւրաքանչիւր հայու պարտքն է կանգնիլ հայ զինուորին եւ Հայոց բանակին կողքին, ուստի նաեւ կոչ կ'ուղղենք սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն, միահամուռ իրենց ներդրումը ունենալու այս պատերազմին, մասնակից դառնալով սահմաններու ամուր պահպանութեանն ուղղուած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի մեկնարկած համազգային դրամահաւաք-արշաւին: (Նուիրատուութիւն կրնաք կատարել այս յղումով` www.ArmeniaFund.org/donate, կամ PayPal-ի միջոցաւ`[email protected] եւ կամ զանգելով՝ 800 888-8897 համարին):

Կիսելով կորուստի ծանր վիշտը, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Ատրպէյճանական յարձակումներուն զոհ գացած հայորդիներու ընտանիքներուն եւ համայն հայ ժողովուրդին:

Այո, պիտի յաղթենք, որովհետեւ մեր պայքարը յանուն գոյութեան իրաւունքի պաշտպանութեան եւ յանուն արդարութեան է եւ մեր յաղթանակը այլընտրանք չունի:

Փառք Հայոց բանակին
Աստուած պահապան Հայ ժողովուրդին
Աստուած պահապան Արցախին եւ Հայաստանին

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ

 

27 Սեպտեմբեր, 2020