Նոյն Հաւատքով Եւ Վերանորոգ Ուխտով.. Դէպի Նոր 100-ամեակ

2022-10-01
Image

Հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ առած եւ դար մը ամբողջ անսակարկ նուիրումով հայ ժողովուրդին ծառայած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը այսօր, մեր հայրենիքի համար այս փոթորկայոյզ ժամանակներուն կը բոլորէ իր 101-ամեակը:

Ամիսներ առաջ հպարտօրէն ոգեկոչեցինք հայրենանուէր ՌԱԿ-ի հիմնադրութեան պանծալի 100-ամեակը, կատարեցինք անցեալի եւ մեր երախտաւոր ղեկավարներու անցած ճանապարհի վերարժեւորում, եւ ուխտեցինք նոյն ուղիով եւ տեսլականով, վերանորոգ աւինով առաջնորդուիլ մեր ազգին եւ հայրենիքին համար ճակատագրական մարտահրաւէրներով լեցուն նոր ժամանակներ:

Ինչպէս իր հիմնադրութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող ամենածանր օրերուն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ունեցաւ խոհեմութիւնը որդեգրելու ճկուն, հեռահայեաց քաղաքականութիւն եւ՝ ազգային հիմնական շահերու խոր գիտակցութիւն, այսօր եւս, նոյն յանձնառութեամբ, սակայն առաջնահերթութիւններու վերադասաւորումով, գործունէութեան արդիական ոճերու որդեգրումով, նոր ռազմավարութեամբ եւ մտածելակերպի թարմացումով պիտի հետապնդէ նոր ծրագիրներ՝  իր առաքելութեան արդիւնաւէտութիւնը ապահովելու համար։

Արդ, իր նոր հարիւրամեակը թեւակոխած ՌԱԿ-ը հաւատարիմ մնալով իր ուղեգիծին, նոյն հաւատքով եւ վերանորոգ ուխտով պիտի շարունակէ պայքարիլ յանուն Հայ ժողովուրդի ու Մայր Հայրենիքի վաղուայ անվտանգ, ամուր, ժողովրդավար, բարեկեցիկ ու յաղթական օրուան:

Այս յանձնառու մօտեցումով, կը շնորհաւորենք Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան բոլոր շրջանակներն ու անդամութիւնը, եւ  ներկայ հրամայականներուն ընդառաջ կը մաղթենք ուժ եւ կորով՝ լծուելու ազգին, հայրենիքին եւ հայրենի պետութեան անմնացորդ եւ անշահախնդիր  ծառայելու գործին:

101-ամեակդ շնորհաւոր, սիրելի Ռ.Ա.Կ
Բարի երթ դէպի նոր հարիւրամեակներ,
...Դէպի փայլուն ապագայ:

Կեցցէ՛ Հայ ժողովուրդը
Կեցցէ՛ Հայաստնի Հանրապետութիւնը եւ հերոսական Արցախը
Կեցցէ՛ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը