Պահանջատիրութիւնը Այսօր Ալ Կը Մնայ Համահայկական Հիմնախնդիր. Յայտարարութիւն
Այս տարի, Հայ ժողովուրդը Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցը պիտի ոգեկոչէ իր պատմութեան ամէնէն շրջադարձային, եզակի մարտահրաւէրներու եւ հայրենիքի կենսունակութիւնը ապակայունացնող աշխարհաքաղաքական տեղաշարժերու ժամանակաշրջանի մը մէջ:
Բնականաբար, այս զարգացող անբարենպաստ իրավիճակը, իր նշանակալի ազդեցութիւնը պիտի ունենայ պահանջատիրութեան, ի մասնաւորի, Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի մեր ընկալումներուն վրայ, մասնաւորաբար Հայաստանէն ներս։
Նաեւ կարեւոր գործօն պիտի սկսի դառնալ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու ըմբռնումը, կամ նոյնիսկ որոշ չափով ըստ հանրային քննարկումներու՝ «մերձեցումներու» հասկացութիւնը, արդէն մէջընդմէջ ներկայացուած անուղղակի բացատրութիւններու պատճառներով։ Կ’ենթադրենք, որ ժամանակի ընթացքին նաեւ պիտի ձեւաւորուի թեր եւ դէմ հանրային կարծիք, որ կրնայ պահանջատիրութեան կարեւորութիւնը բարձրացնել կամ նսեմացնել ազգային հրամայականներու նժարին վրայ։
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը հաստատէ այն համոզումը, որ որեւէ հաւանական երկխօսութիւն կամ ենթադրեալ մերձեցում նախ պէտք է բխի պատմական ճշմարտութեան եւ եղելութիւններու ճիշդ գնահատականէն, առաջնորդուի հարցի վաւերականութեամբ եւ իրաւական ուղղամտութեամբ եւ հետապնդէ փոխադարձ կառուցողական արդիւնքներ։
Պահանջատիրութեան հանդէպ որեւէ մօտեցում՝ առանց Թուրքիոյ պատասխանատուութեան, յանցանքի ընդունման եւ առնչուող պարտաւորութիւններու պայմանի շեշտադրման, պիտի նշանակէ տարիներու ձեռքբերումներու կորուստ, եւ դատապարտուած պիտի ըլլայ վերջնական ձախողութեան։
Աւելին, Հայոց Ցեղասպանութեան վաւերականութիւնը անվիճելի կը մնայ առ այսօր եւ անհեթեթ պիտի ըլլայ պատմաբաններու նոր օրակարգի քննարկման առարկայ դարձնել զայն՝ ըստ տարօրինակ նախադէպին։
Ցեղասպանութենէն վերածնած հայութեան ստուար զանգուածը գիտակից է իր պատմական հայրենիքի սեփականութեան, ունեցուածքի եւ մշակութային արժէքներու կորուստին, ինչպէս նաեւ իր նախահայրերու ապրած տառապանքին, եւ հետեւաբար, անզիջող կը մնայ իր իրաւունքին ամբողջական հետապնդումին գծով։
Թուրքիան մինչեւ այսօր ի զուր կը հետապնդէ իր պատմական ժխտումներու շարունակական, սակայն ապարդիւն պետական արշաւը, հակառակ միջազգային հանրութեան որոշիչ եւ բացայայտ ճանաչումին՝ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայութեան դէմ գործուած Ցեղասպանութեան ոճիրին։ Աւելին, Թուրքիան ինչպէս երէկ, այսօր նոյնպէս կը շարունակէ իր ցեղասպան էութիւնը եւ փանթուրքիզմի ծրագիրը, որու լաւագոյն օրինակը 2020 թ. Արցախեան պատերազմին իր ուղղակի մասնակցութիւնն էր:
Աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը, որպէս Ցեղասպանութեան վէրքը կրող, որեւէ պարագայի պատրաստ չէ պահանջատիրութիւնը քննարկումի առարկայ դարձնելու, ի գին պղտոր եւ ժամանակաւոր դիւանագիտական շղարշ հանդիսացող պայմանաւորուածութիւններու։
Ներգրաւուած միջազգային բոլոր դերակատարները պէտք է պահանջատիրոջ լրջութիւնը եւ վճռականութիւնը ճիշդ ըմբռնեն։
Պահանջատիրութիւնը, ինչպէս անցեալին, այսօր ալ կը մնայ համահայկական հիմնախնդիր։ Թուրքիան որպէս պետութիւն, պարտաւոր է ընդունիլ ցեղասպանի ժառանգորդի իր մեղքը, եւ իրականացնել համապատասխան արդար վնասուց հատուցում՝ հայ ժողովուրդի նկատմամբ։
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ