Պահի լրջութիւնը գիտակցութիւն եւ զգօնութիւն կը թելադրէ. Յայտարարութիւն
Յանուն Արցախի եւ հայ ժողովուրդի լինելութեան մղուած 44-օրեայ պայքարի ծանր օրերուն հայոց բանակը եւ մեր քաջարի զինուորները հերոսաբար դէմ դրին մեր պատմական թշնամիի հսկայական բանակին, ահաբեկիչ վարձկաններուն եւ անոնց ունեցած գերարդիական զէնքերուն: Կռուեցան յամառօրէն, կռուեցան անձնուրաց մինչեւ մահ՝ պաշտպանելու համար հայրենի սահմանները, պապենական հողը: Անվախ ու մարտնչող ոգիով, արիական սխրագործութիւններով եւ գիտակցուած անձնազոհութեամբ անմահութեան ճանապարհը բռնած հայ զինուորին շուրջ համախմբուեցաւ ամբողջ հայութիւնը, անոր անպարտելի ոգիին մասին հիացմունքով վկայեց ամբողջ աշխարհը:
Արդէն լրացած է Արցախեան պատերազմի աւարտին, պատերազմի դադարեցման համար ստորագրուած եռակողմ համաձայնութեան մէկամսեակը, եւ ցաւով պէտք է արձանագրել, որ այդ համաձայնութեամբ պայմանաւորուած մեր հողային կորուստը, 44-օրեայ պատերազմին մեր տուած մեծաթիւ զոհերը, կորուստի ցաւը, անասելի վնասները ալեկոծած են հայութեան հոգիները. հիասթափութեան, անճարութեան, ապագայի տեսլականի հանդէպ անորոշութեան զգացումները հանրութեան մօտ առաջացուցած են շուարած, երկբայական վիճակներ: Հայրենիքի մէջ ակներեւ դարձած է ներ-քաղաքական լարուածութիւն, որ նոր վտանգներու առջեւ կը դնէ մեր պետութիւնը:
Պահի լրջութիւնը կը թելադրէ գիտակցութիւն, զգօնութիւն եւ միասնական ոգի ցուցաբերել՝ վերոնշեալ հանգամանքներով պայմանաւորուած տիրող փոխադարձ մեղադրանքներու, անվստահութեան եւ ընդվզումի այս անառողջ եւ կործանարար մթնոլորտը վերացնելու համար, մանաւանդ երբ տակաւին թարմ են մեր զոհերուն շիրիմները, ծաղիկները չեն թոշնած եւ արցունքները չեն չորցած։ Աւելին՝ ունինք անյայտ կորածներու եւ ռազմագերիներու վերադարձի ցարդ անլոյծ խնդիր եւ դեռ պատնէշի վրայ գտնուող զինուորներ։
2018-ի գարնան Հայաստանի մէջ ժողովուրդի արձանագրած յաղթանակը, անոր բացած ճշմարիտ ժողովրդավարացման ճանապարհը, արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի, արդարութեան, օրէնքի առջեւ հաւասարութեան սկզբունքի կիրարումը սկիզբ դրին հայրենիքի մէջ դրական փոփոխութիւններու: Անկախ մօտ կամ հեռու ապագային իշխանութեան փոփոխութեան ցանկացած դասաւորումէ, բարեփոխումներու այդ գործընթացը ամէն գնով պէտք է շարունակուի:
Այսօր, ի տես ստեղծուած օրհասական այս ծանր կացութեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը տուեալ ճգնաժամային իրավիճակէն հնարաւորինս անցնցում եւ նուազագոյն վնասով դուրս գալու ուղին կը տեսնէ բացառապէս սահմանադրական ճանապարհներով, ազգային համերաշխութեան ու ողջախոհութեան պայմաններու մէջ, երբ ապահով եւ երաշխաւորուած ըլլայ ժողովուրդի որոշում կայացնելու իրաւունքը:
Երկու տարի առաջ, այդ օրուայ հրամայականի լոյսին տակ ժողովուրդը ընտրեց ներկայ իշխանութիւնը: Այսօր սակայն հայրենիքը եւ ամբողջ հայ ժողովուրդը չնախատեսուած, վտանգաւոր եւ ճգնաժամային կացութեան մը առջեւ կը գտնուի, ուստի, ճիշդ պիտի ըլլայ, որ Փաշինեան իր ղեկավարելու իրաւասութիւնը շարունակելու համար, ժողովուրդէն պահանջէ վստահութեան քուէ:
Որպէս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն կու գանք արձանագրելու, որ մասնաւորապէս այս փուլին մեր ժողովուրդը կարիքն ունի յուսադրող եւ անմիջական լուծումներու, որոնք պիտի դառնան խարիսխը ապագայի ընելիքներուն։ Ուստի, անգամ մը եւս կը շեշտենք, որ մեզմէ բոլորէս կը պահանջուի ըլլալ զուսպ, զգօն եւ հաւատալ մեր ժողովուրդի հանդուրժողական ոգիին, որուն ճամբով ալ պիտի կարողանանք վերանորոգ ոգիով լուծել այսօրուայ առաջադրանքները։
Որպէս յարգանք եւ երախտագիտութիւն մեր զոհուած հերոսներուն, այսօր մենք բարոյական պարտաւորութիւն ունինք Հայրենիքը ամէն բանէ առաջ եւ վեր դասելու եւ վերաիմաստաւորելու Հայրենասիրութիւն եւ Ազգասիրութիւն հասկացութիւնները, որպէսզի անոնք դուրս գան զուտ զգացմունքային դաշտէն, դադրին սոսկ լոզունք ըլլալէ, հիմնուին իրատեսական հայեացքներու վրայ եւ վերածուին հայրենաշինութեան ամենօրեայ անդուլ աշխատանքի:
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ