Պահպանենք Ազգային Խոհեմութիւնը. Յայտարարութիւն

2020-11-11
Image

Նոյեմբեր 11, 2020

Քառասունչորսօրեայ աննախադէպ եւ անհաւասար պատերազմի վերջալոյսին յաղթական դուրս եկաւ խիզախ հայ զինուորը, կամաւորը, աշխարհազօրը, սակայն ցաւոտ եւ անասելի պարտութիւն կրեց համայն Հայութիւնը, Արցախը ու Հայաստան աշխարհը։

Առաջին հերթին կը խոնարհինք եւ խորապէ՛ս կը սգանք յանուն հայրենիքի զոհուած մեր նահատակ զինուորներուն համար, ողբալով լուսաւոր սերունդի ծանր կորուստը եւ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք անոնց սգակիր ծնողներուն եւ ընտանիքներուն։ Յարգանքի եւ երախտագիտութեան մեր խոնարհումը կը յայտնենք իւրաքանչիւր հայ զինուորին, որ հսկայական սխրանքներով եւ անձնուրաց հայրենասիրութեամբ կրցաւ դիմադրել անհամեմատ աւելի սպառազինուած թշնամիին:

Խոր կսկիծով կը հաւատանք, որ պատերազմի տխուր աւարտին՝ Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած զինադադարի փաստաթուղթը կ'ընդգծէ եւ կ'արտայայտէ պատերազմի ընթացքն ու արդիւնքը, այլ ոչ անպայման՝ ստորագրողի փափաքը կամ ամբողջական պատասխանատուութիւնը։

Համոզուած ենք որ այդ քայլը պարտադրուած եղած է, հետեւելով ռազմադաշտի իրականութեան, ինչպէս նաեւ փաստացի կորուստներու լրջութեան։ Յստա՛կ է՝ Հայրենի իշխանութեան համար այլ տարբերակ գոյութիւն չունէր։

Հայ ժողովուրդին համար այժմ իրական փորձութիւնը ինքն իր զայրոյթէն պաշտպանելն է, զոր կրնայ յանգեցնել համապետական ամբողջական անկումի։

Մեր ունեցած դառն յանձնառութիւնը այսօր մնացածը արժանապատիւ կերպով փրկելն ու փոխանցելն է՝ գալիք սերունդին, ազգային շարունակականութեան մտադրութեամբ։

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ օրհասական պահեր շատ եղած են եւ այդ պատմութեան դասերէն պէտք է գիտակցինք, որ մեր հայրենիքին համար փորձութեան այս պահուն միակ ճիշդ կողմնորոշումը զգոյշ եւ համախմբուած մնալն է:

Պահը ճգնաժամային է: Ուստի, կորուստի այս մոլեգնութիւնը խելամտօրէն յաղթահարելու եւ անդառնալի կործանումէ խուսափելու համար, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը համայն հայութեան կոչ կ'ընէ պահպանելու ազգային խոհեմութիւնը:

Համոզուած ըլլալով, որ ներքին պառակտումը ուղղակիօրէն կը վնասէ մեր պետութեան եւ հայրենիքի պահպանման, մանաւանդ հիմա՛ համայն հայ ժողովուրդը կը յորդորենք չտարուիլ միասնականութիւնը ջլատող կոչերով, պահպանել ներքին խաղաղութիւնը եւ համախմբուիլ բացառապէս հայրենիք-պետութիւն բացարձակ արժէքին շուրջ, յանուն Հայ ժողովուրդի գոյատեւումին։

 

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր

Մայք Խարապեան | Ատենապետ