Պահպանենք Ազգային Վեհ Արժէքները. Յայտարարութիւն
Սփիւռքի հայահոծ գաղութներուն մէջ օրըստօրէ ահագնացող ազգային, ընկերային, կրթական ճգնաժամերու շեմին, եւ ի մասնաւորի այս տարուայ Մայիսի կէսերուն կայացած՝ Յորդանանի Իւզպաշեան-Կիւլպէնկեան միակ հայկական վարժարանի փակման որոշումը լուրջ անհանգստութիւններու տեղիք կու տան, եւ հետեւաբար, ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վաչութիւնը որոշեց հանդէս գալ հետեւեալ յայտարարութեամբ.
Հիմնուելով Յորդանանի Իւզպաշեան-Կիւլպէնկեան վարժարանի մասին վերջին երկու տարիներու ընթացքին եղած հրապարակումներուն վրայ, յստակ է, որ այսօրուայ իրականութիւնը եւ փակման որոշումի պատճառները պատահական չեն, այլ տարիներու ընթացքին կուտակուած կառավարման եւ տնտեսական թերութիւններու արդիւնք են։ Առանց քննադատելու միտում ունենալու, կը հաւատանք, որ այս բացասական ընթացքը պէտք էր գերազանցապէս առաջնահերթ մտահոգոթիւնը ըլլար Յորդանանի համայնքի ղեկավարութեան եւ աշակերտներու ծնողներուն։ Գաղութը, ի վերջոյ, կենսականօրէն պէտք ունի եւ պիտի ունենայ այդ միակ հայկական վարժարանին։ Այս հրամայականէն դրդուած ալ, յորդանանահայութեան ամբողջ գիտակից զանգուածը այսօր իսկ պէտք է ձեռնարկէ յաւելուածական ամէն ճիգի, համագաղութային ջանքերով երկխօսութեան եւ վարժարանի վերաբացման շուրջ համաձայնութեան յանգելու։
Հաշուի առնելով, որ կենսական նշանակութեամբ այս վարժարանը արդէն իսկ ունի 58-ամեայ կրթական աւանդ եւ փորձառութիւն, մանկավարժական հմտութիւն, միջազգային կազմակերպութիւններու հետ արմատացած համագործակցութեան փորձ, եւ առաւել կարեւորը, 30-է աւելի արձանագրուած հայ աշակերտներ եւ աշակերտուհիներ, ըստ երեւոյթին նոյնքան ալ արաբ քրիստոնեայ աշակերտներ, ՌԱԿ-ը համոզուած է, որ վարժարանը բաց պահելու անհրաժեշտութիւնը այսօր իսկ կը շարունակէ մնալ կենսական պահանջք, եւ այս հարցի բարենպաստ լուծման բանալին յստակօրէն կը կայանայ համագաղութային նոր եւ խորքային երկխօսութեան, Վարժարանի կրթական առաքելութեան վերարժեւորումին, կրթական նոր ոճի մշակման, ինչպէս նաեւ նորարար մօտեցումներուն, եւ ի մասնաւորի, երիտասարդ, պիտանի եւ մասնագէտ նոր ղեկավարութեան նշանակումին մէջ։
Հետեւաբար, ՌԱԿ-ը շահագրգիռ բոլոր կողմերուն կոչ կ'ընէ փակման որուշումը վերանայելու, ապաւինելով Յորդանանի հայ համայնքին, հոգեւոր Առաջնորդին եւ ծնողներուն բանիմացութեան, պատասխանտւութեամբ եւ բարեխղճութեամբ պահպանելու համար վարժարանի գոյերթը։
Որպէս գաղութի գիտակից եւ մտահոգ, առաջադէմ ղեկավարութեան մաս, ՌԱԿ-ի Յորդանանի մեր շրջանակի ընկերներուն կը յանձնարարենք , որ ընթացք տան ազգային համախոհութեան, լուծումներ որոնելով եւ ճշդումներ սահմանող համագաղութային, կրթական եւ ծնողաց կառուցաղական երկխօսութեան ընդմէջէն խթանելու համար Վարժարանին շարունակականութեան ծրագիրը։
Յորդանանի միակ ազգային վարժարանը գաղութի բարոյական յենարանն է, հայապահպանումի միակ դարբնոցը, ազգային ողնաշարը, համայնքի ինքնութեան երաշխիքը։ Հետեւաբար, ամէն ջանք պէտք է տարուի, որպէսզի այս վեհ արժէքները պահպանուին գաղութի հայաշունչ ազգային կառոյցներէն, ի մասնաւորի, Իւզպաշեան-Կիւլպէնկեան վարժարանէն ներս:
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ