Պատրաստ ենք մեր ունեցած բոլոր միջոցներով զօրակցիլ եւ նեցուկ ու թիկունք կանգնիլ հերոսական Արցախին. ՌԱԿ

2020-09-27
Image

Այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ ամբողջ հայ ժողովուրդը զօրաշարժի մէջ է:

Արցախեան անառիկ սահմանները հերթական անգամ կը գնդակոծուին, ինչպէս նաեւ հարուածի տակ են Արցախի խաղաղ բնակչութեան բնակավայրերը:

Անգամ մը եւս դարանակալ թշնամին կը փորձէ սադրային գործունէութեամբ վտանգի ենթարկել հերոսական պատումներով իր անկախութիւնը կերտած Արցախի ժողովուրդն ու բանակը:

Այս օրհասական պահուն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, ինչպէս միշտ, կը յայտնէ իր զօրակցութիւնը Արցախի հերոս ժողովուրդին, Արցախի քաջարի հերոս զինուորներուն ու նաեւ Արցախի կառավարութեանն ու նախագահութեան, յայտարարելով նաեւ, որ պատրաստ ենք մեր ունեցած բոլոր միջոցներով զօրակցիլ եւ նեցուկ ու թիկունք կանգնիլ հերոսական Արցախին:

Փառք Հայոց Բանակին,

Փառք մեր յաղթական մեր ժողովուրդին

 

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւն