Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւն Արամ Ա.Կաթողիկոսին
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկեր Տոքթ.Աւետիս Տագէսեանի, 14 Յունուար առաւօտեան այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:
Պատուիրակութիւնը Վեհափառ հայրապետին փոխանցեց Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական Վարչութեան եւ իր ողջոյնները: Վարչութիւնը բարձրօրէն գնահատեց վեհափառին 2022 տարին «Սփիւռքի Տարի» հռչակումը: Նաեւ յայտարարեց, թէ պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ լիբանանահայութեան ընկերային-տնտեսական վիճակը բարելաւող բոլոր քայլերուն: Արծարծուեցան հայութիւնը տագնապնեցնող հարցեր, ինչպէս Լիբանանի տնտեսական պայմանները, Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական վիճակը, Հայաստան-Թուրքիա բանակցութեան սկիզբը եւ Կուսակցութեան ներքին վիճակը:
Վեհափառը իր կարգին նշեց, թէ «Սփիւռքի տարի» հռչակելով ան ուզեց սփիւռքահայութիւնը զօրաշարժի ենթարկել իր լճացած վիճակէն դուրս ելլելու ու սփիւռքի կառոյցները վերաշխուժացնելու համար: Ան շեշտեց կարեւորութիւնը օժանդակելու մեր ազգի զաւակներուն, կառչած մնալու համար լիբանանեան հայրենիքին, որ շատ բան տուած է մեզի եւ պէտք չէ դասալիք ըլլանք: Այլ ձեռք-ձեռքի տալով պէտք է ոտքի կանգնինք եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն օժանդակենք, արժանապատիւ կեանքի պայմաններ ապահովելու համար իրենց: Հայաստանի պարագային՝ միասնականութեան պահպանումը ամենամեծ երաշխիքն է մեր յաջողութեան եւ այս տագնապը շրջանցելու ամենաքիչ վնասով: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց խորհրդակցութեան կարեւորութիւնը ազգի բոլոր կառոյցներուն, հայրենիքի ու սփիւռքի միջեւ ճակատագրական որոշումներ կայացնելէ առաջ:
Մէկ ժամ տեւած ժողովի աւարտին, կողմերը խոստացան շարունակել հաղորդակցիլ, մեր ժողովուրդի առջեւ ծառացած բոլոր արգելքները շրջանցելու համար:
Պէյրութ, 14 Յունուար 2022