Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւն Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանին

2023-11-23
Image

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ եւ Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկեր Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի, 17 Նոյմբեր 2023-ին այցելեց Լիբանանի բարեջան առաջնորդ Շահէ Արքեպիսկոպոս Փանոսեանին Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ:

Պատուիրակութիւնը առաջնորդ սրբազանին փոխանցեց Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանակի ողջոյնները: Վարչութիւնը յայտարարեց, թէ ամէն ձեւով պիտի օժանդակէ լիբանանահայ համայնքին շրջանցելու համար այս դժուար օրերը: Արծարծուեցան հայութիւնը տագնապնեցնող հարցեր, ինչպէս Արցախի ոդիսականը, Լիբանանի տնտեսական պայմանները, մարդուժի պատրաստութեան կարեւորութիւնը: Վարչութիւնը նաեւ պահանջեց զարգացնել մեր ազգային կառոյցները զարգացնելով մարդուժը եւ ներկայացուցչութիւնը:

Առաջնորդ սրբազանը իր կարգին շեշտեց կարեւորութիւնը օժանդակելու մեր ազգի զաւակներուն, կառչած մնալու համար լիբանանեան հայրենիքին, որ շատ բան տուած է մեզի եւ պէտք չէ դասալիք ըլլանք: Այլ ձեռք-ձեռքի տալով պէտք է ոտքի կանգնինք եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն օժանդակենք, արժանապատիւ կեանքի պայմաններ ապահովելու համար իրենց: Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց նաեւ թէ Միջին Արեւելքի կարեւոր հայկական համայնքները կը գտնուին ծանր վիճակի մէջ: Դիմանալը այս ժամանակաշրջանի հրամայականն է: Այդ համայնքներուն դերը անհրաժեշտ է Սփիւռքի հայկական դիմագիծի պահպանումին մէջ: Մարդուժի զարգացումը եւ ապահովումը հրամայական է նաեւ զարգացնելու ու պահելու համար Սփիւռքը:

Ժամէ մը աւելի տեւած սրտբաց ժողովի աւարտին, կողմերը խոստացան շարունակել հաղորդակցիլ, մեր ժողովուրդի առջեւ ծառացած բոլոր արգելքները շրջանցելու համար: