ՌԱԿ Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեան մասնակցեցաւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի 30-րդ նիստին

2021-11-27
Image

Այսօր Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի 30-րդ նիստին իր մասնակցութիւնը բերաւ Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեան:

Նիստը վարեց խորհուրդի նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը: Նիստին մասնակցեցան նաեւ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան եւ այլք:

Ներկաները նախ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին յանուն Հայրենիքի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան իրենց կեանքը զոհած հայորդիներու յիշատակին, որմէ ետք անցան օրակարգային հարցերու քննարկման՝ առաջինն անդրադառնալով «Մենք ենք մեր սահմանները» համազգային դրամահաւաքին հաւաքագրուած եւ 2020թ. Հոկտեմբեր 8-էն մինչեւ Նոյեմբեր 1-ի ընթացքին ինը պայմանագրերով Հայաստանի Հանրապետութեան նուիրաբերուած գումարներու նպատակային օգտագործման վերաբերեալ ուսումնասիրութիւն-զեկոյցին: