ՌԱԿ-Արցախի Ատենապետ Ընկ. Բարդուղ Գալստեան Արցախի նախագահի խորհրդական նշանակուեցաւ

2021-01-09
Image

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի ստորագրած հրամանագրի համաձայն՝ Բարդուղ Սարիբեկի Գալստեանը նշանակուած է ԱՀ նախագահի՝ գիւղատնտեսութեան գծով խորհրդական՝ հասարակական հիմունքներով:

Նշենք, որ Բարդուղ Սարիբեկի Գալստեան Արցախի ՌԱԿ-ի Ատենապետն է, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ։

 

Համառօտ կենսագրութիւն.-

Ծնած է 1981-ի Ապրիլ 28-ին Արագածոտնի մարզի Հնաբերդ գիւղը՝ մտաւորականի ընտանիքի մէջ:


Կրթութիւնը
• 1998-ին ոսկէ մետալով աւարտած է Հնաբերդի միջնակարգ դպրոցը:1998-2005 թուականներուն սորված եւ  աւարտած է Հայաստանի գիւղատնտեսական ակադեմիայի պարենամթերքներու վերամշակման արհեստագիտութեան բաժինը՝ ստանալով ճարտարագէտի որակաւորում:
• 2016-ին պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւնը «Տիեթիք կաթնաշոռի կատարելագործումը» թեմայով՝ ստանալով արհեստագիտական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան:
• 2018-էն ԲՈՀ-ի դոցենտ է:
• 2018-էն ՀՀ պետական կառավարման ակադեմիայի «Քաղաքագիտութիւն» մասնագիտութեան մագիստրոս է:
• Հեղինակած է շարք մը գիտական յօդուածներ եւ մեթոտական ձեռնարկներ:


Զինուորական ծառայութիւնը
• 1999-2001 թուականներուն ծառայած է Արցախի պաշտպանութեան բանակին մէջ:
• 2016-ին կամաւոր մասնակցած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին:Պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով:
• 2020-ին կամաւոր մասնակցած է Արցախեան երկրորդ պատերազմին:


Աշխատանքային փորձը
• 2005-էն մինչ օրս կը զբաղուի ֆերմերային ջերմոցային գիւղատնտեսութեամբ:
• 2011-2013 թուականներուն աշխատած է «Տիգրանակերտ» պատմամշակութային արգելոցին մէջ՝ նախ որպէս գիշերային հսկիչ, ապա որպէս կառավարիչ: 2012-էն  համատեղութեան կարգով, ժամավճարային հիմունքներով աշխատած է (ՀԱԱՀ) Ստեփանակերտի մասնաճիւղին մէջ՝ որպէս դասախօս:
• 2017- ին (ՀԱԱՀ) Ստեփանակերտի մասնաճիւղէն տեղափոխուած է Շուշիի արհեստագիտական համալսարան՝ որպէս աւագ դասախօս:
 

Գիտական գործունէութիւնը
• Հեղինակած է շարք մը գիտական յօդուածներ եւ մեթոտական ձեռնարկներ:


Կուսակցական պատկանելիութիւնը
• 2015-ին նախաձեռնող խումբի ընկերներու հետ հիմնած է Արցախի Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը, որուն նախագահն է մինչ օրս:
• 2016-էն աշխարհասփիւռ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ է:


Ընտանեական կարգավիճակը
• Ունի երկու զաւակ՝ Սարիբեկը եւ Մոնթէն: