ՌԱԿ-եան մամուլի պատուիրանները. Վաչէ Ղազարեան
Հայ Մամուլի ընտանիքին եւ հայ ընկերային-քաղաքական մտածողութեան մէջ ռամկավար-ազատական մամուլն ունի իր ուրոյն տեղը:
ՌԱԿ-եան մամուլի պատուիրաններն են.-
-Սիրէ՛ հայրենիքդ անկախաբար իր վարչաձեւէն, վարչակարգերը գնայուն են, մինչ հայրենիքը՝ մնայո՛ւն:
-Վահանէ՛ դուն քեզ արկածախնդրութեան հրապոյրներուն եւ փորձութիւններուն դէմ՝ պապենական հողիդ վրայ գտնուիս թէ տարագիր երկինքներու տակ:
-Կառչա՛ծ մնա՛ ազգային նուիրականութիւններուդ եւ դատերուդ՝ եթէ խուժդուժ մարդիկ ու պայմաններ քեզ արմատախլած են հայրենիքէդ:
-Կազմակերպէ՛ հաւաքական կեանքդ ժողովրդավար սկզբունքներով ո՛ւր ալ գտնուիս:
-Գուրգուրա՛ ազատ եւ պատասխանատու մտածողութեան վրայ, որ աղբիւրն է մարդկութեան բարօրութեան եւ յառաջդիմութեան:
-Միջոց նկատէ կուսակցութիւնդ բոլորանուէր ծառայութեան եւ ո՛չ թէ՝ նպատակ:
ՎԱՉԷ ՂԱԶԱՐԵԱՆ