ՌԱԿ-ը միշտ զօրավիգ է Արցախին. Ընկ. Խարապեան տեսակապով զրուցած է ԱՀ Նախագահ Պրն. Արայիկ Յարութիւնեանին հետ

2020-08-20
Image

Այսօր՝ 20 Օգոստոս 2020-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեան տեսակապի միջոցաւ զրուցած է ԱՀ նախագահ Պրն. Արայիկ Յարութիւնեանին հետ:

Ընկ. Խարապեան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնած է Պրն. Յարութիւնեանին՝ ընձեռած առցանց հանդիպման առիթին համար: Ան ըսած է, որ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը մօտէն կը հետեւի նախագահի ծաւալած գործունէութեան եւ տարբեր ոլորտներու մէջ նախատեսուած ծրագիրներուն, բարձր գնահատելով անոր աշխատանքը եւ պատասխանատու մօտեցումները:

Ընկ. Խարապեան նաեւ դիտել տուած է, որ ՌԱԿ-ը Արցախի ազատագրութիւնը կը նկատէ մեր հողերու պահանջատիրութեան առաջին քայլը: Ան վերահաստատած է, որ մեր կուսակցութիւնը միշտ եղած է ժողովուրդին եւ պետականութեան կողքին, հետեւաբար ամբողջութեամբ զօրավիգ է նաեւ երկրի ընտրուած նախագահին:

«Մենք, ինչպէս միշտ, այսօր եւս պատրաստակամ ենք Արցախի անվտանգութեան, պետականութեան ամրապնդման, երկրի խաղաղ ու բնականոն զարգացման ուղղութեամբ ամէն տեսակի փոխհամագործակցութեան»,- ըսած է Ընկ. Խարապեան:

Քննարկուած են նաեւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ համատեղ ընելիքներն ու առկայ հիմնախնդիրները:

Պրն. Յարութիւնեան իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնելով, ըսած է, որ իրեն համար եւս պատիւ է, անկախ ձեւաչափէն, հաղորդակցիլ ՌԱԿ-ի Ատենապետ Ընկ. Խարապեանին հետ, ակնկալելով, որ յառաջիկային կը հանդիպին Արցախի մէջ:

ԱՀ Նախագահը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է, որ ՌԱԿ-ը մշտապէս, ե՛ւ ընկերային ծրագրերու, ե՛ւ քաղաքական խնդիրներու հետ կապուած, սատար եղած է Արցախին եւ վստահ է, որ այդ աջակցութիւնը պիտի շարունակուի նաեւ ապագային:

«Բարձր կը գնահատեմ հայկական աւանդական կուսակցութիւններու եւ սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու դերը Հայրենիքին սատար կանգնելու եւ անոր շարունակական զարգացման գործին մէջ: Պարոն Խարապեանի պատրաստակամութիւնն ու նուիրուածութիւնն այդ ամէնուն հերթական վկայութիւնն է, իսկ մենք մեր հերթին պատրաստակամ ու բաց ենք աշխատելու բոլորին հետ՝ համազգային օրակարգի եւ Արցախին առնչուող հարցերու շուրջ»,- հանդիպման մասին ֆէյսպուքեան իր էջին գրած է ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը: