ՌԱԿ-ի երախտաւորներէն՝ Հայկ Նագգաշեանի անուան մրցանակի տւչութիւն Երեւանի մէջ

2019-10-08
Image

Սփիւռքահայ արձակագիր, հասարակական գործիչ ՌԱԿ-ի երախտաւորներէն Հայկ Նագգաշեանի անուան ամենամեայ գրական մրցանակի յաղթողը այս տարի Ֆելիքս Եղիազարեանն է: Բանաստեղծ-լրագրողը գրական շրջանակին յայտնի է Յուսիկ Արա անունով: Առաջին տեղը գրողը զբաղեցուցած է իր «Եւ սէրը ասաց» բանաստեղծական գիրքով:

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան ներկայ «Արեւելք»ի թղթակիցը կը տեղեկացնէ, որ գրական մրցոյթը, որ հիմնադրած է  Հայկ Նագգաշեանի ընտանիքը, կը կայանայ արդէն 2-րդ տարին եւ, ինչպէս տեղեկացանք, շարունակական պիտի ըլլայ:  Գրողի այրին՝ Սօսի Նագգաշեանը, ողջոյնի իր խօսքին մէջ շնորհաւորելով եւ շնորհակալութիւն յայտնելով մասնակիցներուն, նշած է. «Դուք հայ գրականութեան մէջ Ձեր ներդումը կատարեցիք՝ այն ճոխացնելով: Տուիք Ձեր սրտէն ու հոգիէն: Կը մաղթեմ բեղուն գրիչ, անսպառ ուժ եւ կարողութիւն՝ նորանոր հատորներ հրատարակելու համար: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ գնահատիչ մարմնի անդամներուն եւս, որ սիրով իրենց ժամանակը տրամադրած են ընթերցելու եւ արժեւորելու մասնակից հեղինակներու գիրքերը»:

Մրցոյթը առաջին տարին միջազգային մաշտապներով էր. մասնակիցներու շարքին կային նաեւ արտասահմանցի հեղինակներ: Իսկ յաղթող ճանչցուած էր երիտասարդ բանաստեղծուհի Անի Ամսէյեանը:

Այս տարի մասնակից գրողները աւելի քիչ էին եւ միայն՝ Հայաստանէն: Եօթ հեղինակ ներկայացուցած էին իրենց՝ տարբեր ժանրերու ստեղծագործութիւնները՝ բանաստեղծութիւններու, պատմուածքներու ժողովածուներէն մինչեւ վէպեր: