Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւնը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքին

2020-08-15
Image

Ուրբաթ, 14 Օգոստոս 2020-ին, Ռ.Ա.Կ. նորանշանակ Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Ընկեր Աւետիս Տագէսեանի, այցելեց Գրիգոր Պետրոս Ի.Կապրոյեանին, Պատրիարք Կաթողիկէ Հայոց Տանն Կիլիկիոյ, Էշրեֆիէի պատրիարքարանին մէջ: 

Ընկ. տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէն Լիբանանի ՌԱԿ Շարջանային վարչութեան անդամ ընկերներ՝ տոքթ. Վիգէն Ասիլեանը, Վիգէն Թոսունեան, տոքթ. Ժոզէֆ Կրպոյեան եւ Վաչէ Տօներեան:

Պատուիրակութիւնը Գերերջանիկ Տիրոջ փոխանցեց Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական Վարչութեան ողջոյնները եւ անվերապահ կեցուածքը՝ օժանդակելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք ազդուեցան վերջերս Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութը հարուածած աղէտին պատճառով: Տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմնի գործունէութեան մասին: Կողմերը շեշտեցին լիբանանահայութեան օժանդակութեան ձեռք երկարելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի ան կարենայ դիմանալ այս դժուար պայմաններուն:

4

Գերերջանիկ Տէրը իր կարգին շեշտեց կարեւորութիւնը օժանդակելու մեր ազգի զաւակներուն, կառչած մնալու համար լիբանանեան հայրենիքին, որ շատ բան տուած է մեզի. Հետեւաբար, պէտք չէ դասալիք ըլլանք, այլ ձեռք-ձեռքի տալով պէտք է ոտքի կանգնինք եւ օժանդակենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, իրենց արժանապատիւ կեանքի պայմաններ ապահովելու համար: Ան շեշտը դրաւ նաեւ այն հարցին վրայ, թէ երբ օժանդակութիւն կը կատարուի, անուններ պէտք չէ տրուին, պահելու համար իւրաքանչիւր հայորդիի արժանապատուութիւնը:

Ժողովի աւարտին, կողմերը խոստացան շարունակել հաղորդակցիլ, մեր ժողովուրդի առջեւ ծառացած բոլոր արգելքները շրջանցելու համար:

***

Նշենք, որ Երկուշաբթի 10 Օգոստոս 2020-ին, Ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի գլխաւորած ՌԱԿ Լիբանանի նորանշանակ Շրջանային վարչութիւնը իր գումարած անդրանիկ ժողովին ընտրած էր վարչութեան դիւանի կազմը,  ըստ հետեւեալին՝

Ատենապետ՝ Տոքթ. Աւետիս Տագէսեան
Փոխ-Ատենապետ՝ Տոքթ. Վազգէն Ժամկոչեան
Ատենադպիր՝ Վիգէն Թոսունեան
Փոխ-Ատենադպիս Լեւոն Բարսեղեան
Գանձապահ՝ Ռաֆֆի Յովսէփեան
Խոհրդականներ՝  Տոքթ. Վիգէն Ասիլեան, Վաչէ Տօներեան, Տոքթ. Պօղոս Աստուրեան, Վահէ Արթինեան, Տոքթ. Ժոզէֆ Կրպոյեան եւ Վազգէն  Շահինեան:

Վարչութիւնը իր ժողովին կարեւոր տեղ տրամադրեց Լիբանանի տագնապին եւ անոր հետեւանքներուն, յատկապէս հայ գաղութի կարիքներուն հասնելու առումով քոյր կազմկաերպութիւններուն հետ համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն: