Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւն Արամ Ա. Կաթողիկոսին

2020-12-24
Image

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկեր Աւետիս Տագէսեանի, այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: 

Պատուիրակութիւնը Վեհափառ հայրապետին փոխանցեց Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական Վարչութեան ողջոյնները Ամանորի առիթով: Վարչութիւնը յայտարարեց, թէ պիտի շարունակէ իր մասնակցութիւնը բերել Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինին, որու մաս կը կազմեն երեք ազգային կուսակցութիւնները, երեք յարանուանութիւնները եւ երեք բարեսիրական միութիւնները: Արծարծուեցան հայութիւնը տագնապնեցնող հարցեր, ինչպէս Լիբանանի տնտեսական պայմանները, Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական վիճակը Արցախի երկրորդ պատերազմէն ետք եւ Կուսակցութեան ներքին վիճակը:

Վեհափառը իր կարգին շեշտեց կարեւորութիւնը օժանդակելու մեր ազգի զաւակներուն, կառչած մնալու համար լիբանանեան հայրենիքին, որ շատ բան տուած է մեզի եւ պէտք չէ դասալիք ըլլանք: Այլ ձեռք-ձեռքի տալով պէտք է ոտքի կանգնինք եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն օժանդակենք, արժանապատիւ կեանքի պայմաններ ապահովելու համար իրենց: Հայաստանի պարագային՝ միասնականութեան պահպանումը ամենամեծ երաշխիքն է մեր յաջողութեան եւ այս տագնապը շրջանցելու ամենաքիչ վնասով:

Ժամէ մը աւելի տեւած ժողովի աւարտին, կողմերը խոստացան շարունակել հաղորդակցիլ, մեր ժողովուրդի առջեւ ծառացած բոլոր արգելքները շրջանցելու համար:

 

Թղթակցութիւն

Պէյրութ, 24 Դեկտեմբեր 2020