Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւն Լիբանանի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Նախագահին
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Ընկեր Աւետիս Տագէսեանի եւ ընկերակցութեամբ Ընկերներ՝ Վիգէն Թոսունեանի, Ժոզէֆ Կրպոյեանի, Վաչէ Տօներեանի եւ Լեւոն Բարսեղեանի, այցելեց Լիբանանի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Պարոն Ժերար Թիւֆէնքճեանին, Միութեան Սին Էլ Ֆիլի Զապէլ Մովսէսեան Կեդրոնի գրասենեակին մէջ:
Պատուիրակութիւնը Պարոն Թիւֆէնքճեանին փոխանցեց Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական Վարչութեան ողջոյնները եւ անվերապահ կեցուածքը, օժանդակելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք ազդուեցան վերջերս Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութը հարուածած աղէտին պատճառով: Վարչութիւնը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց համագործակցելու Միութեան հետ, օժանդակելու համար մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Շրջանային Վարչութիւնը նաեւ ներկայացուց Վահան Թէքէեան վարժարանի եւ Թէքէեան Կեդրոնի կրած վնասները:
Պարոն Թիւֆէնքճեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց այս այցելութեան համար եւ կարեւոր նկատեց համագործակցութիւնը հայկական միութիւններու միջեւ, մեր ժողովուրդի զաւակներուն աւելի լաւ ձեւով ծառայելու համար: Ան ներկայացուց Լիբանանի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կատարած աշխատանքը Պէյրութի աղէտին առաջին օրէն: Միութիւնը կը կատարէ վնասներու քննութիւն եւ արձանագրութիւն, ապագային հատուցում կատարելու համար՝ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ: Միութեան կեդրոններուն մէջ անապահով ընտանիքներու կը բաշխուի ուտելիք: Միութիւնը նաեւ որոշած է յաջորդ տարեշրջանին իր վարժարանները յաճախող աշակերտներէն որեւէ կրթաթոշակ չի գանձել:
Ռ.Ա.Կ.պատուիրակութեան անդամները գնահատեցին Միութեան կատարած մեծ աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեցին Պարոն Թիւֆէնքճեանին ու Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի ղեկավարութեան, իրենց ազգաշէն գործունէութեան մէջ: Ժողովի աւարտին, կողմերը խոստացան շարունակել հաղորդակցիլ, մեր ժողովուրդի առջեւ ծառացած բոլոր արգելքները շրջանցելու համար: