Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանի Ընդհանուր Անդամական Ժողով. Հաղորդագրութիւն (Լուսանկարներ)

2022-01-31
Image

            Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կազմակերպեց ընդհանուր անդամական ժողով, Շաբաթ 29 Յունուար 2022-ին, Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ, նկատի առնելով որ Լիբանանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու մարմինը ատենապետութեամբ Յակոբ Գասարճեանի արգիլած էր այս ժողովին կազմակերպումը Թէքէեան Կեդրոնին կամ Պայքար ակումբին մէջ:

5

            Ժողովին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամները եւ հարիւրի մօտ ընկերուհիներ եւ ընկերներ: Ներկայ էին բոլոր ակումբներէն մեր համեստ ընկերուհիները եւ ընկերները, մտաւորականներ, արհեստաւորներ, բոլոր տարիքի, բոլորը ուրախ իրենց տրուած այս գեղեցիկ առիթին համար: Ներկայ էին անդամներ, որոնք երկար ատենէ ներկայ չէին գտնուած: Այս մեր ամենամեծ ուրախութիւնն էր: Արձանագրուեցան բոլորին անունները:

            Կիրակի, 9 Դեկտեմբերին, խումբ մը կուսակցականներ, որոնց թիւը կը հասնէր հազիւ 20 հոգիի, որոնցմէ չորսը պաշտօնեաներ Թէքէեան Կեդրոնին մէջ, Յակոբ Գասարճեանի տնօրինումով կազմակերպեցին ապօրինի ժողով մը, որ ինքին խախտում էր Կուսակցութեան ծրագիր-կանոնագրին եւ Կուսակցութենէն վտարուած Սեւակ Յակոբեանը ընտրեցին ապօրինի «Շրջանային վարչութեան» ատենապետ: Քսան հոգիէն տասը դարձան նոր «վարչութեան» անդամ:

            Ընդհանուր անդամական Ժողովին բացումը կատարեց Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տոքթ.Աւետիս Տագէսեան: Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը այն ինը ընկերներուն, որոնք մահացան Քորոնա ժահրի համաճարակին պատճառով: Այդ ընկերներն են՝ Տոքթ.Վազգէն Ժամկոչեան, Կարապետ Պապահէքեան, Արամ Սեփեթճեան, Ճորճ Թաֆրանեան, Վաչէ Յակոբեան, Կարօ Նիկոլեան, Ռաֆֆի Ճիկերեան, Լորիս Թուղլաճեան եւ Թորոս Էքմէքճեան: Ապա բոլորը երգեցին կուսակցութեան քայլերգը:

4

            Ներկաները անցան օրակարգի քննարկումին: Լիբանանեան Խորհրդարանի ընտրութիւնները առաջին նիւթն էին: Ընկեր Տագէսեան ներկայացուց ընդհանուր վիճակը եւ յայտարարեց, թէ մօտ օրէն պիտի գումարուի ազգային կուսակցութիւններու համակարգումի ժողով, որոշելու համար առնուելիք քայլերը: Ան կոչ ուղղեց կուռ շարքերով մասնակցելու ընտրութեան, մանաւանդ Պէյրութի շրջանին մէջ:

            Երկրորդ օրակարգն էր Կուսակցութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ 22 Յունիս 2022-ին, Խորհրդարանի շրջափակին մէջ: Ընկեր Տագէսեան բոլորէն խնդրեց իրենց անունները արձանագրել այդ տօնակատարութեան մասնակցելու համար: Նաեւ Լիբանանի մէջ Փետրուար ամսուան ընթացքին պիտի կազմակերպուի 100-ամեակի տօնակատարութիւն: Մեծ թիւով ներկաներ պահանջեցին, որ այդ տօնակատարութիւնը տեղի ունենայ Թէքէեան Կեդրոնին մէջ:

            Երրորդ օրակարգն էր Շրջանային վարչութեան իրաւասութեան երկարաձգումը մէկ տարուան ժամանակամիջոցի մը համար: Ներկաները միաձայնութեամբ վերանորոգեցին իրենց վստահութիւնը ներկայ Շրջանային վարչութեան հանդէպ, ատենապետութեամբ Տոքթ.Աւետիս Տագէսեանի:

4

            Ապա առիթ տրուեցաւ հարցումներու եւ առաջարկներու: Կարգ մը ընկերներ գանգատեցան ընկերային-տնտեսական վիճակէն: Առաջարկուեցաւ նաեւ վերակազմակերպել ակումբները եւ գալիք Շրջանային վարչութիւնը ընտրել անդամ առ անդամ եւ ոչ թէ ներկայիս գործող վարչապետական ձեւով, ուր պատգամաւորներ կ'ընտրեն ատենապետը միայն եւ ան կը կազմէ իր վարչութիւնը: Առաջարկուեցաւ նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան ընդհանուր ժողով գումարել: Այս ժողովը երկար ատենէ ի վեր չէ գումարուած անորոշ պատճառներով:

            Դժբախտաբար այս գեղեցիկ առիթը փորձեցին խանգարել կարգ մը խուլիկան անհատներ ղրկուած կուսակցութէնէն վտարուած Սեւակ Յակոբեանի կողմէ: Անոնք փորձեցին մտնել սրահ իրենք զիրենք ներկայացնելով որպէս Շրջանային վարչութեան անդամներ: Բարեբախտաբար Շրջանային վարչութիւնս առած էր պէտք եղած կանխազգուշական միջոցները որեւէ անախորժ դէպք կանխելու համար:

            Ժողովի աւարտին, բոլորը մեծ գոհունակութեամբ հեռացան սրահէն, կրկնելով, թէ իրենք զօրավիգ պիտի կանգնին Շրջանային վարչութեան առնելիք բոլոր քայլերուն, Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանակը վերակազմակերպելու եւ օրինականութիւնը հաստատելու համար:  

 

            Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային վարչութիւն