ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի հանդիպումները Երեւանի մէջ (Լուսանկարներ)
23 Նոյեմբեր 2021-ին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեան 12-օրեայ աշխատանքային այցով գտնուեցաւ Երեւան:
Ընկ. Մայք Խարապեանի գլխաւորած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւնը պաշտօնական հանդիպումներ ունեցաւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին՝ Կեդրոնական Վարչութեան Փոխ-Ատենապետներ՝ Ընկ. Յակոբ Անդրէասեան եւ Ընկ. Լեւոն Պըլըխեան, Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան եւ Ընկ. Բարդուղ Գալստեան (միաժամանակ Արցախի ՌԱԿ Ատենապետ) եւ Կեդրոնական Վարչութեան Հայաստանի հարցերով խորհրդատու՝ Վիգէն Խաչատրեան:
Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ՝ 26 Նոյ. 2021-ին, ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ու Արցախի զարգացման օրակարգին, Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան, Սփիւռքի գաղթօճախներու հայապահպանութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Արարատ Միրզոյեան բարձր գնահատեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան համահայկական նշանակութեան խնդիրներու լուծման նպատակով իրականացուած աշխատանքները:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի առջեւ ծառացած արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրներուն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին:
Շաբաթ՝ 27 Նոյ. 2021-ին, Ընկ. Խարապեան, որպէս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներկայացուցիչ, Հոգաբարձուներու Խորհուրդի անդամ, մասնակցեցաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի 30-րդ նիստին:
Նիստը վարեց խորհուրդի նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը: Նիստին մասնակցեցան նաեւ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան եւ Հոգաբարձուներու Խորհուրդի 23 անդամներ, որոնցմէ 4-ը` հեռավար:
Ներկաները նախ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին յանուն Հայրենիքի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան իրենց կեանքը զոհած հայորդիներու յիշատակին, որմէ ետք անցան օրակարգային հարցերու քննարկման՝ առաջինն անդրադառնալով «Մենք ենք մեր սահմանները» համազգային դրամահաւաքին հաւաքագրուած եւ 2020թ. Հոկտեմբեր 8-էն մինչեւ Նոյեմբեր 1-ի ընթացքին ինը պայմանագրերով Հայաստանի Հանրապետութեան նուիրաբերուած գումարներու նպատակային օգտագործման վերաբերեալ ուսումնասիրութիւն-զեկոյցին:
Համաձայն օրակարգի` հաստատուեցան 2020թ. համախմբուած ֆինանսական եւ ծրագրային հաշուետուութիւնները, 2021 թուականի պիւտճէն, ինչպէս նաեւ քննարկուեցան Հիմնադրամի հետագայ ընելիքները: Խորհուրդը նաեւ որոշում կայացուց երեք տարի ժամկէտով հաստատել Հայկակ Արշամեանը գործադիր տնօրէնի պաշտօնին:
Եղան բազմաթիւ հարցադրումներ, որոնց Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի կողմէ տրուեցան յստակ եւ սպառիչ պատասխաններ:
Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդը եւս մէկ անգամ շնորհակալութիւն յայտնեց հարիւր հազարաւոր նուիրատուներուն, որոնք իրենց անգնահատելի ներդրումը ունեցած են այս ծանր ժամանակահատուածին հայրենիքի զօրացման գործին:
Երկուշաբթի՝ 29 Նոյ. 2021-ին, ՌԱԿ Ատենապետի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց «Իմ Քայլը» հիմնադրամ, ուր հանդիպում ունեցաւ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Մխիթար Հայրապետեանի հետ:
Հիմնադրամի տնօրէնը պատուիրակութեան անդամներուն ծանօթացուց հիմնադրամին կողմէ իրականացուող տարբեր ոլորտներու զարգացման վերաբերող ծրագիրներուն: Ընդգծելով որ Հայաստանի մէջ զարգացման ներուժ ունեցող ուղղութիւնները ըստ մասնագէտներու՝ արհեսատական բանականութիւնն ու քուանթային (quantum) բնագիտութիւնն են, նշեց, որ հիմնադրամը այս ճիւղերու համար մագիստրոսական ծրագիրներ կ'իրագործէ: Յատկապէս մանրամասնելով հիմնադրամի կրթաթոշակային ծրագրի մասին, նկատել տուաւ, որ ծրագիրը առաքելութիւն ունենալով նպաստել Հայաստանի յարակայուն զարգացման առաջնահերթութիւններէն բխող մարդկային ներուժի հզօրացման, հնարաւորութիւն կու տայ երիտասարդներուն ձեռք բերել մասնագիտութիւններ աշխարհի լաւագոյն բուհերուն մէջ: Ան նաեւ նշեց, որ իրենց շրջանաւարտները, ծրագրի դրոյթներու համաձայն, կը վերադառնան Հայրենիք եւ իրենց գիտելիքներն ու հմտութիւնները կը ծառայեցնեն ի շահ Հայաստանի զարգացման եւ կ'ընդգրկուին մասնագիտական ոլորտներու զարգացման ծրագրերուն մէջ:
Ընկ. Խարապեան բարձր գնահատեց հիմնադրամի կողմէ իրականացուող ծրագիրները, շեշտեց անոնց նպատակայնութիւնը եւ մաղթեց որ հիմնադրամի գործունէութիւնը ըլլայ յաջող եւ շարունակական:
Երեքշաբթի՝ 30 Նոյ. 2021-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ընկերներ, Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի գլխաւորութեամբ այցելեցին ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:
Վարչապետը ողջունելով վարչական ընկերները, նշեց, որ ուրախ է ՌԱԿ ներկայացուցիչներու հետ հերթական հանդիպման համար:
Քննարկման առարկայ դարձան ներկայիս մեզ յուզող հիմնահարցերը՝ Արցախի կարգավիճակի յստակացման անհրաժեշտութիւնը, սահմանազատման եւ սահմանագծման, տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման, ճանապարհներու եւ անոնց վերահսկողութեան առնչուող հանգամանքները։ Յիշեալ բոլոր հարցերուն կապակցութեամբ Պարոն Վարչապետը տուաւ իր բացատրութիւնները։
Ընդգծուեցաւ, մանաւանդ, Հայրենիք-Սփիւռք կապերու առաւել եւս ամրապնդման անյետաձգելիութիւնը։
Պարոն Վարչապետը շեշտեց կարեւորութիւնը այսօրինակ հանդիպումներու եւ քննարկումներու, յատկապէս նկատի ունենալով ՌԱԿ-ի ո՛չ միայն հարիւրամեայ ազգօգուտ գործունէութիւնը, այլ նաեւ՝ դերը սփիւռքի ներկայ իրադրութեան մէջ։
Ղեկավար մեր ընկերները հաւաստիացուցին թէ, մասնաւորաբար վճռորոշ այս ժամանակամիջոցին, ՌԱԿ-ը կը վերահաստատէ իր անսակարկ աջակցութիւնը հայրենի մեր ժողովուրդին եւ պետականութեան, որպէսզի յաջողութեամբ յաղթահարուին մեր ազգին առջեւ ծառացած այլեւայլ բոլոր խոչընդոտներն ու բարդութիւնները։
Չորեքշաբթի՝ 01 Դեկտ. 2021-ին, ՌԱԿ պատուիրակութիւնը գործնական հանդիպում ունեցաւ Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ միասնաբար իրականացուելիք գործնական ծրագիրներու եւ ապագայ համագործակցութիւնը գործնական հիմքի վրայ դնելու ընթացակարգի մասին:
Ուրբաթ՝ 04 Դեկտ. 2021-ին, Ընկ. Խարապեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Խորհրդարան, ուր առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնճորեանի եւ խմբակցութեան անդամ, ՀՀ ԱԺ պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, պատգամաւոր Վլատիմիր Վարդանեանի հետ:
Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ համայն հայութեան յուզող հարցերու շուրջ համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն վերաբերող հարցեր։ Քննարկուեցան նաեւ Սփիւռքի գործունէութեան կանոնակարգմանն առնչուող հարցեր:
Այցի ծիրէն ներս, Հինգշաբթի՝ 02 Դեկտ. 2021-ին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատեանպետ Ընկ. Մայք Խարապեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ երեւանաբնակ կուսակցականներու հետ: Հանդիպումը կայացաւ ՌԱԿ-ի Երեւանի ներկայացուցչական կեդրոնական գրասենեակին մէջ: ՌԱԿ Ատենապետը ներկաներուն հաղորդեց վերջին շրջանին կուսակցութեան գործունէութեան մասին կարեւոր տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ զեկուցեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութեան Հայաստանի իշխանութիւններու հետ ունեցած հանդիպումներու մասին:
Ան հանդիպման ընթացքին նաեւ շեշտեց Հայաստանի շրջանին մէջ կուսակցական կեանքի աշխուժացման կարեւորութիւնը:
Շաբաթ՝ 4 Դեկտ. 2021-ին, ՌԱԿ Ատենապետը այցելեց նաեւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին Շուշիի պաշտպանական մարտերուն ընթացքին նահատակուած Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անդամ՝ Ընկ. Արտակ Աւագիմեանի ընտանիքին։
Ընկեր Խարապեան իր խորին ցաւակցութիւնը յայտնեց նահատակ ընկերոջ տիկնոջ եւ զաւակներուն եւ յորդորեց անոնց պինդ մնալ եւ միշտ հպարտ զգալ իրենց ամուսնոյն եւ հօր սխրագործութիւններով:
Ան նաեւ իր երախտապարտութիւնը յայնեց Ընկ. Արտակի անձնուէր զոհողութեան, նկատել տալով, որ ան իր անձը զոհաբերեց յանուն մեր հայրենիքի սահմանի պաշտպանութեան եւ բոլորիս խաղաղութեանն ու անվտանգութեան։
Երեւանեան այցի ընթացքին ՌԱԿ Ատենապետը ունեցաւ նաեւ այլ, ոչ պաշտօնական հանդիպումներ, որոնք նոյնպէս դրական առիթ պիտի հանդիսանան ապագայ նոր համագործակցութիւններու համար: