ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին

2021-07-06
Image

Կիրակի՝ 4 Յուլիս 2021-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) ղեկավար կազմի ներկայացուցիչներ, կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Ընկ. Յակոբ Անդրէասեանի գլխաւորութեամբ այցելեցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին:

ՌԱԿ պատուիրակութեան կ'ուղեկցէր ԱՀ նախագահի՝ գիւղատնտեսութեան գծով խորհրդական, Արցախի ՌԱԿ-ի Ատենապետ, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Ընկ. Բարդուղ Սարիբեկի Գալստեանը:

Հանդիպման քննարկուեցան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ յետպատերազմեան շրջանին առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման վերաբերող հարցեր։ 

Ողջունելով ՌԱԿ պատուիրակութեան այցը Արցախ, նախագահ Յարութիւնեան ընդգծեց, որ Արցախը հայկական պահելու միակ ուղին միասնականութիւնն ու ողջ հայութեան ջանքերու միաւորումն է: Այս ծիրէն ներս ան նաեւ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է խթանել Արցախի մէջ տարբեր ներդրումային ծրագրերու իրականացումը՝ հիմնական ներուժն ու միջոցները ուղղելով բնակարանաշինութեանն ու արցախցիներու համար հայրենի հողին վրայ ապրելու եւ արարելու հնարաւորութիւններու ստեղծման։

 

5

 

Անդրադառնալով 2020 թուականի աշնան տեղի ունեցած պատերազմին՝ նախագահը նշեց, որ այն մեծ փորձութիւն էր համայն հայութեան համար, սակայն ժամանակն է համազգային նոր նպատակներ դնելու եւ նոր յաջողութիւններու ու յաղթանակներու կերտման ուղղութեամբ աշխատելու։ Արայիկ Յարութիւնեանը շեշտեց, որ Արցախի անկախութեան ճանաչումը եւ տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը կը մնան մեր պետութեան առջեւ ծառացած գերակայ խնդիրները։

Ընկ. Յակոբ Անդրէասեանը շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը մշտապէս Արցախի կողքին է։ Ան ընդգծեց, որ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս  ՌԱԿ-ը պիտի շարունակէ իրականացնել աշխատանքներ՝ յանուն հայրենիքի զարգացման ու հզօրացման։

Կողմերը միտքեր փոխանակեցին Արցախի եւ ՌԱԿ-ի միջեւ համագործակցութեան ուղղութիւններու շուրջ, որու ընթացքին պատուիրակութեան անդամները ներկայացուցին Արցախի մէջ կուսակցութեան կողմէ նախատեսուող յառաջիկայ ծրագիրները։