ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը շնորհակալական այց մը տուաւ ՀՀ-ի մօտ Սուրիոյ դեսպանին
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւն մը այսօր այցելութիւն տուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մոհամմէտ Հաժ Իպրահիմին։
Պատուիրակութեան մաս կազմած են ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետ Ընկ. Լեւոն Պըլըխեան, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան եւ ընկերներ՝ Տիգրան Չալեան, Ճորճ Տէմիրճեան, Ենովք Աճոյեան եւ տոքթ. Բիւզանդ Քահքէճեան։
Պատուիրակութեան եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անունով Սուրիոյ Խորհրդարանի Հայոց Ցեղասպանութիւնը փաստը ճանչցող օրինագիծին առթիւ ընկ. Լեւոն Պըլըխեան գրաւոր շնորահակալագիր մը յանձնած է դեսպան Իպրահիմին, ուղղուած Սուրիոյ Խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Սապպաղին։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են Սուրիոյ մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւններու ընդհանուր դրութիւնը։
Ընկ. Պըլըխեան կարճ խօսք մը արտասանելով, նկատել տուած է, որ առհասարակ հայութեան համար Սուրիան միշտ ալ ունեցած է իր ուրոյն տեղն ու դերը, յոյս յայտնելով, որ 2011 թուականէն ի վեր մեծ տագնապի եւ պատերազմի բովէն անցած երկիրը շուտով ոտքի կը կանգնի եւ կը վերադառնայ իր կարեւոր դերակատարութեան։
Իր կարգին դեսպան Իբրահիմ շնորհակալութիւն յայտնած է ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան, հաւաստելով, որ Սուրիոյ եւ սուրիացի ժողովուրդին կապերը միշտ ալ եղած են ամուր եւ յոյս յայտնելով, որ պատմական հիմք ունենցող կապերը կը շարունակուին եւ աւելիով կ՚ուռճանան։