ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւն մը Եռաբլուր այցելեց (Լուսանկարներ)
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի, այսօր առաւօտեան ժամերուն Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն այցելեց:
Ինչպէս գիտէք, այսօր իր լրումին կը հասնէր հայ ժողովուրդի պատմութեան վերջին շրջանի ամէնէն չարաբաստիկ օրերէն, Հոկտեմբեր 27-ի ոճրագործութեան 20-ամեակը:
Այս առիթով ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ընկերները ուզեցին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցել 1999 թուականին ՀՀ Ազգային Ժողովին մէջ դաւադրաբար անարգ ոճիրի զոհ գացած ազգային պետական աւագանիի գործիչներուն անմար յիշատակին:
Ընկերները այցելելով Եռաբլուր, ծաղիկներ խոնարհեցին 1999 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի շիրմաքարին, յիշատակելով ու նշելով որ այդ դէպքը չէ ջնջուած մեր ժողովուրդի յիշողութենէն եւ Հայաստանն ու հայութիւնը այսօր կը շարունակեն պահանջատէր ըլլալ մեր պետութեան հիմքերը խարխլող այդ ոճրագործութեան իրական պատասխանատուները պատժելու եւ անոր բոլոր ծալքերը բացայայտելուն:
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ընկերները նաեւ հաստատեցին, որ անկախ կուսակցական, գաղափարական բոլոր տեսակի տարբերութիւններէն, ազգային պետութիւն եւ պետականութիւն հասկացութիւնը կը շարունակէ մնալ մեր ժողովուրդի առհաւութեան եւ անոր վախճանական նպատակներուն իրականացման ամենակարեւոր գրաւականը, նշելով նաեւ որ Հոկտեմբեր 27-ի ոճրագործութիւնը առիթ պէտք է դառնայ պետականութեան գաղափարը դասելու բոլոր ժամանակներէն եւ բոլոր տեսակի տարբերութիւններէն վեր եւ՝ յաւերժագնաց նպատակ: