Սեւրի դաշնագրի 100 ամեակին նուիրուած առցանց լսարան (Տեսանիւթ)

2020-09-25
Image

Շաբաթ 19 Սեպտեմբեր 2020-ին, տեղի ունեցաւ առցանց լսարան մը, միասնաբար կազմակերպուած Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արմենական-Յովսէփեան ակումբին, և Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Նիւ Ճըրզիի Դրօ կոմիտէին կողմէ: Ձեռնարկը կը բաղկանար երկու նիստերէ՝ առաջինը հայերէն, որ տեղի ունեցաւ ժամը 12-ին, երկրորդը անգլերէն ժամը 17-ին:

Հայերէն նիստին, որ կը վարէր պրն. Նորայր Մկրտիչեանը, կը մասնակցէին՝ պատմաբան, ակադեմիկոս, Հայաստանի գիտութիւններու ազգային պատմութեան հիմնարկի տնօրէն՝ Փրոֆ Աշոտ Մելքոնեանը. Պատմաբան, դասախօս Փարիզի ԻՆԱԼՔՕ կաճառին՝ Փրոֆ Թալին Տէր Մինասեանը. Ինչպէս նաեւ պատմաբան, դասախօս, Հայաստանի պատմութեան հիմնարկի հայկական հարցի եւ ցեղասպանութեան բաժնի տնօրէն՝ Փրոֆ Արմէն Մարուքեանը:

Անգլերէն բաժնին մէջ, որ կը վարէր պրն. Անդրանիկ Գասպարեանը,  ելոյթ ունեցան՝ հռչակաւոր պատմաբան, վաստակաւոր դասախօս UCLA եւ  Chapman համալսարաններուն՝ Փրոֆ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, և անուանի փիլիսոփայ, փոխ տնօրէն Վուստըրի համալսարանին եւ եղեռնը ուսումնասիրողներու միութեան՝ փրոֆ Հէնրի Թէրիօն։

Հայերէն նիստին առաջին բանախօսին, փրոֆ Մելքոնեանին համաձայն, Սեւրի դաշնագիրը անժխտելիօրէն կ՚ընդունի Արեւմտեան Հայաստանի գոյութիւնը, որ մեր ազգային պահանջատիրութեան հիմնաքարն է։ Յաջորդ բանախօսն էր փրոֆ Տէր Մինասեան։ Ան անդրադարձաւ դաշնագրի այն յօդուածներուն մասին, որոնք կը վերաբերէին արեւմտեան Հայաստանի սահմաններուն մասին, եւ նշեց թէ այսօր Քիւրտերը եւ հայերը նոյն հողերը կը պահանջեն։ Տէր Մինասեան աւելցուց թէ, Սեւրի դաշնագիրը արեւմտեան կողմնորոշում մը կու տար հայաստանի դիւանագիտութեան։ Վերջին բանախօսն էր Փրոֆ Մարուքեան, որ անդրադարձաւ Սեւրի դաշնագրի քաղաքա-իրաւաբանական հարցերու մասին։ Ան աւելցուց թէ Լօզանի դաշնագիրը չժխտեր Սեւրի դաշնագրի հայաստանի վերաբերող յօդուածները, եւ թէ երկու դաշնագրերը բոլորովին տարբեր են իրենց բովանդակութեամբ։

Անգլերէն բաժնին մէջ Փրոֆ Յովհաննէսեան կեդրոնացաւ դաշնագրի պատմականին վրայ։ Ան Սեւրը ներկայացուց դաշնակից երկիրներու աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան լոյսին տակ։ Փակելով խօսքը ան Սեւրը նկատեց հայ ժողովուրդին համար, իբր բարոյական յաղթանակ մը, որ սակայն ներկայիս հաւանաբար կիրառելի չէ։ Փրոֆ Թէրիօն լաւատես էր Սեւրի դաշնագրի մասին,  նամանաւանդ Ուիլսընի գծած սահմանները, որ Հայաստանին ելք կու տար դէպի Սեւ Ծով, նոյն ատեն ընդարձակելով Հայաստանի տարածքը։ Ան բաղդատական մը ըրաւ հայերու նման ուրիշ ճնշուած ազգերու պահանջատիրութեան մասին, եզրափակելով, թէ ոմանք յաջողութեամբ կրցած են հատուցում ստանալ։

Զում աշխատածրագրի միջոցաւ առցանց լսարանին մասնակցեցան աւելի քան 300 անձինք։ Մինչ Դիմատետրի սփռումով մօտ 900 հոգի կրցան հետեւիլ ձեռնարկին։ Մասնակցողները ոչ միայն ԱՄՆ էին, այլ նաեւ Գանատայէն, Հարաւային ամերիկայէն, Յունաստանէն, Եգիպտոսէն, Ֆրանսայէն, Լիբանանէն, Հայաստանէն, Ռուսիայէն եւ այլուր։ Տեղին է յիշել թէ՝ Փրոֆ Թալին Տէր Մինասեանի դասախօսութիւնը արձանագրուած էր, Սեւրի դաշնագրին շէնքին առջեւ զետեղուած խաչքարին քով (ներկայիս Ֆրանսայի խեցեղէնի ազգային թանգարան)։

 

Փակելու համար աւեցնենք թէ աշնան, երրորդ եւ վերջին ընդլայնուած նիստ մը տեղի պիտի ունենայ։ Այդ նիստը պիտի  ընգրկէ հայ եւ օտար պատմաբաններ, ուսումնասիրելու համար  ուրիշ ազգերու (օրինակ Քիւրտերու) պահանջատիրութիւնները Սեւրի դաշնագրէն։

 

ՀՅԴ-ՌԱԿ Սեւրի դաշնագրի 100 ամեակի Յանձնախումբ