Վնասուած բնակարաններու հատուցումներուն վճարումները կը շարունակուին

2020-09-09
Image

Չորեքշաբթի, 9 սեպտեմբերին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ շարունակուեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով վնասներ կրած բնակարաններու ընտանիքներուն դրամական հատուցումներու յանձնման Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի ծրագիրը:

 Նշենք, որ այսօր Ազգային միացեալ վարժարան այցելեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապէտ Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան,  որ  մօտէն  ծանօթացած  ու իր գնահատականը տուած է  կատարուած   աշխատանքներուն։

Յայտնենք, որ անցնող երեք օրերուն ընթացքին 745 բնակարաններու ընտանիքներուն կատարուեցան նիւթական յատկացումներ: Նշեալ աշխատանքին կը հսկեն Վերականգնումի մարմինին անդամները` գործակցութեամբ Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնեաներուն:

Աշխատանքը պիտի շարունակուի յառաջիկայ  օրերուն: