Օգնենք Աղէտեալ Հալէպին. Յայտարարութիւն

2023-02-09
Image

Երկուշաբթի, 6 Փետրուար 2023-ին, կանուխ ժամերուն, հարաւային Թուրքիան եւ հիւսիսային Սուրիան, ի մասնաւորի Հալէպը, Քեսապը եւ Լաթաքիան ուժգնօրէն ցնցած 7.8 ուժգնութեամբ երկրաշարժը եւ անոր յաջորդած շարք մը յետցնցումները ահաւոր աւեր պատճառեցին եւ մարդասիրական ծանր կացութիւն ստեղծեցին շրջանին մէջ:

Նիւթական հսկայական վնասներ պատճառած երկրաշարժէն ամենաշատը տուժեց Հայկական սփիւռքի երբեմնի սիրտը համարուող Հալէպը, ուր աւերուած շէնքերուն թիւը գերազանցեց 120-ը, վնասուեցան նաեւ հայկական եկեղեցիներն ու դպրոցները: Հազարաւոր զոհերու եւ վիրաւորներու շարքին եղան նաեւ մեր ազգակիցներէն:

Սուրիոյ պատերազմի պատճառած ծանր տնտեսական տագնապին մէջ խրուած եւ իր պատմութեան ծանրագոյն շրջաններէն մէկը ապրող հալէպահայութիւնը, եղանակային այս ցուրտ պայմաններուն, արդէն 3 օր է կը ստիպուի գիշերել համայնքային կառոյցներու մէջ:

Սուրիան, գտնուելով միջազգային պատժամիջոցներու տակ, չի կրնար ապահովել ակնկալելի միջազգային տարողութեամբ օգնութիւնը եւ անհրաժեշտ փրկարարական եւ բժշկական պարագաները:

Առ այդ, յանուն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան համայն անդամութեան, մեր ափսոսանքը կը յայտնենք աւերիչ երկրաշարժի ողբերգական հետեւանքներու եւ մարդկային անմեղ զոհերու առթիւ:

Մեր ամբողջական զօրակցութիւնը եւ նեցուկը կը յայտնենք աղէտալի երկրաշարժէն տուժած Սուրիոյ ժողովուրդին եւ սուրիահայութեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ տուժած մեր հայրենակիցներուն:

Այսօր, երբ հալէպահայութիւնը կարիքը ունի համայն հայութեան բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան, բոլորիս պարտքն է կանգնիլ անոր կողքին եւ նպաստել երկրաշարժէն տուժած մարդոց տառապանքը մեղմելուն:

Ուստի, կոչ կ'ուղղենք համայն հայութեան անհրաժեշտ դրամահաւաքներ կազմակերպել՝ օգնութեան ձեռք մեկնելու համար աղէտեալ Հալէպին եւ հալէպահայութեան, հաւատալով, որ համահայկական ուժերով այս փորձութիւնը եւս պիտի յաղթահարենք:

Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք աղէտալի երկրաշարժի անմեղ զոհերու ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք բոլոր տուժածներուն:

 

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ

09 Փետրուար, 2023