100 ԱՄԵԱԿ. Միհրան Տամատեանի Առաքելութիւնն Ու Կիլիկիոյ Միօրեայ Անկախութիւնը
Եգիպտոսի Ազգային Միութեան նախագահի պաշտօնով, երբ Միհրան Տամատեան Փարիզ կը գտնուէր՝ Հայկական Լեգէոնի կազմութեան նպատակով, առիթը կ՛ունենայ հանդիպելու Ազգային պատուիրակութեան նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշային:
Նախապէս Տամատեանին առաջարկուած էր, Ազգային պատուիրակութեան որպէս ներկայացուցիչ, շրջիլ ու այցելել զանազան գաղութներ՝ այդ հանգամանքով: Բայց այս հանդիպման Պօղոս Նուպար պիտի առաջարկէր Տամատեանը Կիլիկիա ուղարկել:
Միհրան Տամատեան յայտնի էր իր յեղափոխական գործունէութեամբ՝ Կիլիկիոյ տարածքին, ու զանազան առիթներով գտնուած էր Կիլիկիոյ որոշ շրջաններ: Մանաւանդ Հայ Սահմանադիր Ռամկավար Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնն ալ կարեւոր շրջանակ մը ունէր Կիլիկիոյ մէջ:
Ազգային պատուիրակութեան նախագահին կողմէ եղած առաջարկը 1918ի Հոկտեմբերին, պիտի որդեգրուէր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան կողմէ, ամբողջական Հայաստանի պատուիրակութեան միացեալ ժողովներուն եւ Միհրան Տամատեանին կ՛առաջարկուի, որպէս՝ ամբողջական Հայաստանի պատուիրակութեան ներկայացուցի, մեկնիլ Կիլիկիա:
Կիլիկիա մեկնելու ծրագիրը Տամատեանի կողմէ ընդունելի կը դառնայ, ու ամբողջական Հայաստանի պատուիրակութիւնը զինք կ՛անուանէ՝ Սուրիոյ եւ Կիլիկիոյ Հայ համայնքներուն, ինչպէս նաեւ ֆրանսական ու անգլիական զինուորական ու քաղաքական կառոյցներուն մօտ պատուիրակութեան ներկայացուցիչ:
Միացեալ Հայկական Պետութիւն
Համաշխարհային Առաջին պատերազմէն տարի մը առաջ՝ 1913ին, Ազգային Ինքնապաշտպանութեան Հայկական Կոմիտէն, որ կը գործէր Կիլիկիոյ մէջ, կազմուած հոն գործող հայկական միաւորներէ, պիտի դիմէր Կիլիկիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող մեծ պետութիւններու հիւպատոսութեանց՝ խորհրդապահական յուշագիր մը յանձնելով:
Յանձնուած յուշագիրը կը վերաբերէր Կիլիկիոյ հայութեան անունով ինքնավարութեան ծրագրին, որ հետագային նոյն տարուան ընթացքին կը հրատարակուի յատուկ գրքոյկով մը՝ ,Հայկական Հարցը ու անոր լուծումները խորագրով:
Ներկայացուած ծրագիրը անշուշտ կարգ մը պետութեանց ախորժակը պիտի գրգռէր, բայց Համաշխարհային պատերազմը ու ապա Մեծ Եղեռնը այդ հարցը պիտի ձգէին Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի, 1915ի Մայիսին իրենց գաղտնի համաձայնութեան, որ ծանօթ է որպէս ,Սայքս-Փիքօ համաձայնագիր՝ երկու պետութիւններու միջեւ:
Սթէնլի Սայքս (Sykes) եւ Ճորճ Փիքօ (Pico) այս գաղտնի համաձայնագիրը ստորագրած էին, որ կը վերաբերէր Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ ազդեցութեան գօտիներու բաժնել՝ Կիլիկիան, Սուրիան, Լիբանանն ու Պաղեստինը:
Այս ծրագիրը անշուշտ գործադրութեան պիտի դրուէր Դաշնակիցներու բացայայտ յաղթանակէն ետք միայն ու միայն այդ միտումով Պրն. Փիքօ ծրագրած էր ուղղուիլ դէպի Արեւմտեան Հայաստան, ու դիմած էր Փարիզ գտնուող Պօղոս Նուպար Փաշային, որ վստահելի ու ծանօթ հայազգի գործիչ մը իրեն ընկերակցի, որովհետեւ Ֆրանսայի Բարձր Կոմիսարի պաշտօնով ինք պիտի ստանձնէր այդ առաքելութիւնը:
Ռամկավար Կուսակցութեան Կիլիկիոյ Շրջանակի Ընկերներ
Պօղոս Նուպարի կողմէ Տամատեանի անունն ու հանգամանքը պիտի ներկայացուէր, որպէս ամբողջական Հայաստանի պատուիրակութեան ներկայացուցիչ: 1918 Մայիս 28ի Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումով ու Կիլիկիոյ ինքնավարութեան ձգտումով, Դաշնակից պետութեանց մօտ քաղաքական շահերու վերաքննութեան նշոյլ մը կը տեսնուէր, հակառակ նախապէս եղած խոստումներուն:
Այս մտահոգութեամբ է, որ Ազգային պատուիրակութեան դիւանագէտ նախագահը՝ Պօղոս Նուպարը, պիտի զգուշանար իր Յանձնարարագրին մէջ նշել ամբողջական Հայաստանի պատուիրակութեան անունը, երբ Տամատեանին կը յանձնարարէր Կիլիկիա մեկնիլ:
Պօղոս Նուպարի այդ մօտեցումը առաւելաբար ուղղուած էր Բարձր Կոմիսար Ճորճ Փիքոյին եւ Կիլիկիոյ ու Սուրիոյ շրջանային անգլիական բանակի ընդհանուր հրամանատար՝ Զօրավար Ալեմպիին:
1919ի Յունիսին պիտի իրականանար Միհրան Տամատեանի Կիլիկիա մեկնելու ծրագիրը՝ Պօղոս Նուպարի եւ Աւետիս Ահարոնեանի կողմէ արտագրուած բացատրագիրով, որուն մասին ատենին վերապահութեամբ միայն տեղեակ կը պահուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ Կաթողիկոս Խապայեանը եւ Կիլիկիոյ Ազգային Ինքնապաշտպանութեան Կոմիտէն:
Հայ Լեգէոնականներու Ա․Խումբը
Միհրան Տամատեանի առաջին գործը պիտի ըլլար Կիլիկիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող գաղթօճախներուն հետ շփում հաստատել եւ հանդիպիլ ֆրանսական բանակի զինուորական պատասխանատու՝ գնդապետ Պրեմոնին:
Տամատեան Ատանան պիտի ընտրէր որպէս իր նստավայր ու հոնկէ աւելի գործնական ծրագրումով պիտի սկսէր իր աշխատանքը: Դարասկիզբին Օսմանեան կայսրութեան տարածքի դիւանագիտական քարտէզն ալ Կիլիկիոյ շրջանը անուանած էր Ատանայի Սանճագ (Մարզ), նկատի առնելով Ատանայի քաղաքային դիրքը ու բնակչութեան թիւը: Միացեալ հայկական պատուիրակութեան կողմէ նկատի առնուած Կիլիկիոյ տարածքը, որ Ճորճ Փիքոյի կողմէ ալ վաւերացուած ծրագիր էր, կը համապատասխանէր Ատանայի Սանճագի տարածաշրջանին:
Ատանայի Միացեալ Հայկական Միութեան Կեդրոնատեղին
Ուրեմն, երբ Տամատեան իր առաքելութեան ձեռնարկեց, արդէն յստակ էր, որ Ֆրանսայի հոգատարութեամբ Սուրիոյ եւ Կիլիկիոյ համար նախատեսուած ծրագիրը ընդունելի պիտի դառնար Դաշնակից պետութիւններու կողմէ, մանաւանդ 1918 Սեպտ. 19ի ,Արարայի փառահեղ յաղթանակէն ետք, ուր Հայկական Լեգէոնը աչքառու դարձաւ իր հերոսական նուիրաբերումով:
Հայկական Լեգէոնի մասնակից կամաւորները առաւելաբար տեղեակ էին Կիլիկիոյ անկախացումի ծրագրին ու այդ միտումով ալ տարածուած ու հաստատուած էին Կիլիկիոյ մերձակայ շրջաններ՝ ինչպէս Կիպրոս, Սուրիա եւ Լիբանան, իսկ շատերն ալ արդէն Կիլիկիոյ տարածքէն ներս տեղաւորուած էին:
Միհրան Տամատեան իր պաշտօնին գիտակից, Ատանա ժամանելէ ու հանգամանօրէն հանդիպումներ ունենալէ ետք, տեղեակ պահած էր Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան նախագահ՝ Աւետիս Ահարոնեանը, ինչպէս նաեւ ամբողջական Հայաստանի պատուիրակութեան նախագահ՝ Պօղոս Նուպար Փաշան, որ իր հերթին, յաճախ տեղեկագիրներով տեղեակ կը պահէր Տամատեանը՝ Դաշնակիցներու հետ յարաբերութեանց զարգացումներու մասին:
Տամատեանի ու Ազգային Ինքնապաշտպանութեան Հայկական Կոմիտէի անդամներուն համար, անկախութեան ծրագրի իրագործումը ֆրանսական հոգատարութեան հաւանութեամբ, կ՛ենթադրէր կազմաւորուած բանակի մը նպատակադրումը՝ որուն համար ճիշդ նկատուեցաւ Հայկական Լեգէոնի կամաւորները համախմբել Կիլիկիա ու յանձնել զայն փորձառութիւն ունեցող գնդապետ՝ Ճիմ (Պետրոս) Չանգալեանին, որ յաջողութեամբ ղեկավարած էր ,Արարաեի ճակատամարտը: Տամատեան իր պատկանած Ռամկավար Կուսակցութեան միջոցաւ կրցած էր կապ հաստատել Չանգալեանին հետ, ու ստացած վերջինիս հաւանութիւնը, նոյն ատեն կրցած էր դիմել Եգիպտոս գտնուող Վանի հերոսամարտի անզուգական առաջնորդ՝ Արմենակ Եկարեանին, որմէ ալ ստացած էր դրական մօտեցում՝ Չանգալեանի հետ ծրագրելու կամաւորական բանակի ստեղծումը:
Գնդապետ Պրեմոն Իր Պահակագունդով
Կիլիկիոյ տարածքին այդ շրջանին բնակութիւն հաստատած էին շուրջ 275,000 քրիստոնեայ բնակիչներ, որոնց 150,000ը հայեր էին, որոնք կառչած էին իրենց պապենական դարաւոր հողին:
Ամբողջական Հայաստանի պատուիրակութեան լիազօր ներկայացուցիչին համար կարեւոր դարձաւ Կիլիկիոյ մէջ քրիստոնէական արտակարգ խորհուրդ մը կազմելու գործը, որուն ծրագրի նախագիծէն ալ պիտի բխէր Կիլիկիոյ ինքնավարութեան համար գործող կառավարութիւնը: Յոյն, ասորի, գաղթէացի եւ սուրիացի հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ Տամատեան յարաբերութեան մէջ կը մտնէր, անոնց պարզելով անկախութեան ծրագրի համար ըլլալիք պատրաստութիւնները, ինչպէս նաեւ կ՛իրականացնէ ազգային միութեան ծրագիրը, զայն ծրագրելով Կիլիկիոյ մէջ գործող հայկական կուսակցութիւններու շրջանային ղեկավարութեանց հետ:
Իսկ կամաւորական բանակի ծրագրումին համար կեանքի պիտի կոչուէր Ազգային պաշտպանութեան գերագոյն մարմինը:
Կիլիկիոյ Անկախութեան ծրագրի պատրաստութեան այս նախաքայլը, Տամատեանի կողմէ տեղեկացուած էր գնդապետ Պրեմոնին, որ իր կարգին յայտնած էր ֆրանսացի Բարձր Կոմիսար՝ Զօրավար Կուրոյին:
Կիլիկիոյ Քարտէզ
Կիլիկիոյ անկախութեան Յայտարարութեան աքթէն շաբաթ մը առաջ՝ Յուլիս 30, 1920 թուակիր հեռագրով մը Պօղոս Նուպար Փաշան յայտնած էր Տամատեանին, թէ Ֆրանսայի համար Կիլիկիոյ հոգատարութեան ծրագիրը տակաւին կախեալ պիտի ըլլար Սեւրի մէջ Օգոստոսին՝ Թուրքիոյ ստորագրելիք դաշնագրի տրամադրութենէն:
Բայց Տամատեանի մշակած 14 ամիսներու ծրագրումը 1920, Օգոստոս 4ի առաւօտը պիտի իրականանար անկախութեան յայտարարութեան ձեռնարկով՝ Ատանայի Ազգային Միութեան սրահէն ներս, ներկայութեամբ Հայ երեք յարանուանութեանց ներկայացուցիչներուն եւ Ազգային պաշտպանութեան գերագոյն մարմնին:
Տամատեան, որպէս լիազօր ներկայացուցիչ ներկաներուն բացատրեց յայտարարութեան նպատակը, որն էր՝ այդ օրը հռչակել Կիլիկիոյ անկախութիւնը՝ Թուրքիայէն, օժտուելով ինքնավարութեամբ՝ ֆրանսական պետութեան հովանաւորութեան ներքոյ:
Նոյն օրը, Կիլիկիոյ Միջքրիստոնէական Արտակարգ Խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ Միհրան Տամատեանի, ուղղուեցաւ դէպի Ատանայի կառավարչատուն ու հոն յանձնեց Անկախութեան Հռչակագրի ծրարը՝ գնդապետ Պրեմոնին, որ ժամանակ խնդրեց Ֆրանսայէն վաւերացումը ստանալու համար:
Կիլիկիոյ հայկական Պետութեան Հռչակում- Օգոստոս 4,1920
Յաջորդ 24 ժամերու ընթացքին Միջքրիստոնէական արտակարգ խորհուրդը հանդիպումներ ունեցաւ Ազգային Միութեան սրահէն ներս եւ միաձայնութեամբ համաձայնեցաւ առժամեայ կառավարութեան մը կազմութեան շուրջ՝ որ կը բաղկանար հետեւեալներէն՝
Միհրան Տամատեան - Վարչապետ
Տոքթ. Մնացականեան - Արտաքին յարաբերութեանց նախարար
Տոքթ. Պեզիրճեան - Ներքին նախարար
Կարապետ Ժամկոչեան - Պատերազմական նախարար
Անդրանիկ Կէնճեան - Ելեւմտական նախարար
Կարապետ Նալպանտեան - Պարէնաւորման եւ երկրագործական նախարար
Ժան (Ասորի-Գաղթէացի) - Կրթական նախարար
Նիքոլաքի էֆէնտի (Յոյն) - Դատական նախարար
Իսկ հաղորդակցութեանց եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարարական պաշտօնները վերապահուեցան թուրքի մը եւ արաբի մը:
Օգոստոս 5ի յետմիջօրէին, առժամեայ կառավարութեան անդամները ուղղուեցան կառավարչատուն, ստանձնելու իրենց պաշտօնը եւ գործելու ֆրանսական հոգատարութեան տակ: Բայց զիրենք դիմաւորելու պատրաստուած գնդապետը զայրոյթով ազդարարեց Տամատեանը եւ սպառնաց ձերբակալել կառավարութեան անդամները, եթէ անկախութեան հռչակումէն չի հրաժարին: Բոլոր յոյսերը ի դերեւ ելած, Օգոստոս 6ին Ազգային Միութիւնը տեղեակ պահուեցաւ, որ Ֆրանսան համաձայնած էր Թուրքիոյ յանձնել Կիլիկիոյ տարածքը համաձայնեով ստորագրել Սեւրի դաշնագիրը: Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան կողմէ պայմանագիրը ստորագրեց Աւետիս Ահարոնեանը:
Պահեստի Լեգէոնականներ
Սեւրի դաշնագրէն ետք ամբողջական Հայաստանի պատուիրակութիւնն ալ պիտի դադրէր իր գոյութենէն, որովհետեւ դաշնագրին մէջ բնութագրուած 4 նահանգները Հայաստանի Հանրապետութեան կցուելու յօդուածը, գոհացուցած պիտի ըլլար արեւմտահայոց հողային պահանջատիրութիւնը:
Իսկ Կիլիկիոյ մէկուկէս օրուան անկախութենէն ետք, վեհանձն Ֆրանսայի ձեռքով Կիլիկիոյ հայութիւնը դատապարտեց նոր գաղթի մը՝ առանց երաշխաւորութեան, վերջնականապէս յանձնելով զայն Թուրքիոյ:
Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը այսօր ալ կը մնայ որպէս յուշագիր՝ Հայկական հարցի արդարացի լուծման հասնելու հայ ժողովուրդի
իրաւունքի մասին։
ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ