2019 Տարուան հեռուստամարաթոնին նուիրաբերուեցաւ 9 միլիոն 856 հազար 100 տոլար
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իրականացուց ազգային նուիրատուութեան 22-րդ հեռուստամարաթոնը` «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի․ կենարար ջուր եւ արեւ համայնքներին» խորագիրով, որուն ընթացքին հանգանակուեցաւ 9 միլիոն 856 հազար 100 տոլար:
Այս տարի 12-ժամ տեւած թելթոնի առաջին 4 ժամը տեղի ունեցաւ Երեւանի, իսկ յաջորդ 8 ժամը հեռարձակուեցաւ Լոս Անճելըըսէն:
2019-ի ընթացքին հաւաքուած գումարները պիտի յատկացուին խմելու ջուրի եւ եւ արեւային ուժանիւթի կիրառման ծրագիրներու իրականացման համար Արցախի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի երեք մարզերու` Տաւուշի, Լոռիի եւ Շիրակի մէջ: Ընդհանուր առմամբ հարիւրէ աւելի համայնքներ պիտի ունենան մշտական խմելու ջուր եւ ելեկտրականութիւն։
Նախորդ տարի «Թելեթոն-2018»-ի ընթացքին հիմնադրամին հանգանակուած էր 11 միլիոն 109 հազար 633 տոլար: