2022-ը Նոր Սկիզբի Եւ Վերանորոգման Առիթ. Ամանորեայ Շնորհաւորանք
Կը բոլորենք Հայաստանի եւ համայն հայութեան համար դժուարին փորձութիւններով եւ մարտահրաւէրներով լի տարի մը: Նոր տարուան շեմին, կու գանք մեր շնորհաւորութիւնը յայտնելու եւ մաղթելու, որ լաւատեսութեամբ եւ յոյսով տոգորուած դիմաւորենք 2022-ը:
Տօնական այս օրերը թող ըլլան ազգային ցաւերու ամոքման, միասնականութեամբ եւ համախոհութեամբ դժուարութիւնները յաղթահարելու, հայրենի պետականութեան ամրապնդման, նոր սկիզբի եւ վերանորոգման առիթ:
Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօնական այս օրերուն առանձնայատուկ կերպով մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք հայրենի սահմանները հսկող եւ պաշտպանող, թշնամիի ոտնձգութիւնները դիմագրաւող հայ քաջարի զինուորներուն, նաեւ մեր խոնարհումը կը բերենք Արցախեան պատերազմին հերոսաբար նահատակուած եւ առողջութիւնը վտանգած մեր հերոս զինուորներուն եւ անոնց հարազատներուն:
Հայ զինուորը իր անձնազոհ սխրագործութիւններով կը շարունակէ մնալ երաշխաւորը մեր հայրենի պետականութեան եւ ժողովուրդի անվտանգութեան: Առ այդ, մեր նուազագոյն պարտքը համարելով փորձել վարձահատոյց ըլլալ անոր անձնուրաց նուիրումին, տօնական օրերուն ընդառաջ, կոչ կ'ընենք աշխարհասփիւռ հայութեան նուիրատուութիւն կատարելու «Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամ»ին (https://www.1000plus.am/hy/payment/), ի բարօրութիւն հայ զինուորին եւ անոնց ընտանիքներուն:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ անդամութեան անունով սրտանց կը շնորհաւորենք Ձեր Ամանորը եւ Սուրբ Ծնունդը, մաղթելով առողջութիւն, բարեկեցութիւն եւ խաղաղութիւն:
Թող 2022 թուականը Հայաստանի եւ համայն հայութեան համար ըլլայ բարեբեր, դրական տեղաշարժերու եւ նուաճումներու տարի:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ
31 Դետկ., 2022թ.