28 Տարի առաջ ազատագրուեցաւ Շուշին
28 տարի առաջ այս օրը՝ Մայիս 8-ին, Արցախի Պաշտպանութեան բանակը եւ կամաւորական ջոկատներն ազատագրեցին Շուշին։
Շուշիի ազատագրումը բեկումնային էր Ղարաբաղեան պատերազմին համար: Ճիշդ այստեղէն ատրպէյճանցիները կը հարուածէին Ստեփանակերտի եւ մերձակայ գիւղերու ուղղութեամբ:
Չնայած հակառակորդի գերակշռող ուժին, հայ հերոսներու արիութեան եւ փայլուն մարտունակութեան շնորհիւ, 9 մայիսին Շուշին վերջնականապէս ազատագրուեցաւ, ինչը թոյլ տուաւ վերադարձնել հայրենի հողը եւ շարժիլ դէպի առաջ:
Գործողութիւնն իրականացուած է 4 ուղղութիւններով՝ միաժամանակեայ յարձակումներով՝ մայիսի լոյս 8-ի գիշերը ժամը 2.30-ին, Քիրսի ռազմական դիրքերը գրաւելէ եւ Լաչին-Շուշի ճանապարհը հսկողութեան տակ վերցնելէ ետք՝ ՄՄ-21 մարտկոցի համազարկով։ Ռազմական գործողութիւնը ղեկավարած է Ինքնապաշտպանութեան ուժերու (ԻՊՈւ) հրամանատար Արկադի Տէր-Թադեւոսեանը։
1991թ. նոյեմբերէն մինչեւ 1992թ. մայիսի սկիզբը Շուշիէն, Ջանհասանէն, Քէոսալարէն, Ղայբալուէն Ստեփանակերտի վրայ արձակուած է շուրջ 4740 արկ, որոնցմէ մօտ 3 հազարը «Կրատ» կայանքներէ: Այդ հրետակոծութիւններու հետեւանքով զոհուած է 111 եւ վիրաւորուած 332 խաղաղ բնակիչ, աւերուած է 370 բնակելի տուն եւ շինութիւն:
Շուշիի ազատագրման ռազմական գործողութիւնը մշակման եւ իրականացման առումով գրեթէ անթերի, հայ ռազմարուեստի մէջ եզակի ռազմական գործողութիւն է, որով արմատական բեկում առաջացած է Արցախեան ազատագրական պատերազմին։ Այն տեւած է 26 ժամ եւ 9 մայիսին արդէն Շուշին ազատագրուած էր:
Շուշիի ազատագրման մարտերուն հայկական կողմն ունեցած է 57 զոհ, թշնամին՝ 250-300 սպանուած, 600-700 վիրաւոր, 13 գերի: