«Զինծառայողներու ապահովագրութեան» հիմնադրամը մայիս 24-ի դրութեամբ հատուցած է 5 հազար 116 շահառուի

2021-05-25
Image

«Զինծառայողներու ապահովագրութեան» հիմնադրամի շահառուներուն թիւը փոփոխուած է. սեպտեմբեր 27-ին թշնամւոյն կողմէ սանձազերծուած պատերազմին հետեւանքով զոհուած եւս 260 հերոս զինծառայողներու ընտանիքներ այսօր հատուցում ստացած են։

Այսպիսով՝ ընդհանուր հատուցումներուն թիւը 5 հազար 116 է, որմէ 3 հազար 294-ը` այս պատերազմին հետեւանքով, 416 հոգի Հիմնադրամի շահառու դարձած է նախքան 2020 թուականի պատերազմը: Անուանացանկին կրնաք ծանօթանալ հետեւեալ յղումով՝ bit.ly/38p9RIN։ Հիմնադրամի «Կամուրջ» ծրագրով հատուցուած են 1.406 շահառուներ, ցանկին ծանօթացէք հետեւեալ յղումով՝ bit.ly/3pMgWdV։  

Տուեալ տեղեկատուութիւնը ենթակայ է փոփոխութեան՝ ելլելով նոր հատուցումներու քանակէն։ Որեւէ պահու կարելի է Հիմնադրամի կայքին վրայ տեսնել փոփոխուած բոլոր թիւերը։

«Զինծառայողներու ապահովագրութեան» հիմնադրամը ստեղծուած է հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ժամանակ զոհուած, անհետ կորած, հաշմանդամ դարձած մարտիկներուն ու անոնց ընտանիքներուն ընկերային բարօրութեան, կայուն եւ հաւասար ապահովագրական հատուցումներ տրամադրելու նպատակով: