«Ժամանակն է, որ նախագահ Պայտըն ուղղակի ճնշում գործադրէ Ալիեւի ռեժիմին վրայ». Սերժ Թանքեան

2023-01-05
Image

Ժամանակն է, որ նախագահ Ճօ Պայտընը եւ ԱՄՆ-ն ուղղակի ճնշում գործադրեն Ալիեւի ռեժիմի վրայ՝ վերջ դնելու այս խելագարութեան եւ անյապաղ մարդասիրական օդային փոխադրումներ թոյլ տալու Լեռնային Ղարաբաղ, ըսած է System Of A Down խումբի մենակատար Սերժ Թանքեանը TYT-ին տուած հարցազրոյցին մէջ։

TYT’s The Conversation-ին Թանքեան խօսած է Ատրպէյճանի բռնապետական ռեժիմի կողմէ Արցախի ապօրինի շրջափակման մասին։ Արցախն արդէն 25 օր է շրջափակուած է։

«Մենք պէտք է ստիպենք իշխանութիւններուն՝ ոչ միայն ԱՄՆ-ի, այլ նաեւ Եւրոպայի, որ աւելի ուժեղ պատժամիջոցային քաղաքականութիւն վարեն Ատրպէյճանի դէմ: Սա դաժան բռնապետութիւն է, որը կը սպաննէ մարդիկ եւ կը փորձէ սովամահ ընել»,-ըսած է ան: