«Իմ քայլը» դաշինքի նախընտրական շտաբը պիտի ղեկավարէ Սուրէն Պապիկեանը

2021-03-31
Image

«Իմ քայլի» նախընտրական շտաբը պիտի ղեկավարէ ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեանը։ Տեղեկութիւնը Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արսէն Թորոսեանը։

«Որոշուած է, որ նախընտրական շտաբը համակարգելու են չորս հոգի` ես, Ռոմանոս Պետրոսեանը, Արայիկ Յարութիւնեանը, Սուրէն Պապիկեանը։ Պապիկեանը կը լինի գլխաւոր համակարգողը, կարելի է ասել` շտաբի պետը», –ըսած է Թորոսեանը։

Անոր խօսքով` Փաշինեանը հրաժարական պիտի տայ 20 ապրիլէն 5 մայիսը ինկած ժամանակահատուածին։ Սակայն անկէ ետք ալ ան պիտի ըլլայ վարչապետի պաշտօնակատար, գործող կառավարութիւնն ալ պիտի շարունակէ իր աշխատանքները մինչեւ նոր կառավարութեան ձեւաւորումը։

«Այժմ ընտրութիւնները լաւագոյնս բխում են երկրի շահերից, քաղաքական լարուածութիւնը թուլացնելու միջոց են», – շեշտած է ան։

Հարցին` արդեօք Փաշինեանի մարզային այցերը նախընտրական քարոզարշաւի մաս չե՞ն, Թորոսեանը պատասխանած է` վարչապետը ի պաշտօնէ պարտաւոր է ըլլալ այնտեղ, ուր խնդիրներ կան, խօսիլ քաղաքացիներու հետ։

«Մէկ տարի նման հանդիպումներ չենք արել` պայմանաւորուած «Քորոնա» ժահրով եւ պատերազմով», – բացատրած է ան։

Թորոսեանի խօսքով` վարչական միջիցներ կիրառելը քննադատելի է, եւ վարչապետը նման բան չըներ։

Յիշեցնենք` 18 մարտին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարեց, որ 20 յունիսին Հայաստանի մէջ պիտի կայանան խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ։