«Իմ քայլը» դաշինքի պատգամաւոր Արսէն Ճուլֆալաքեան հրաժարեցաւ մանտաթէն. Անոր պիտի փոխարինէ Նարեկ Ղահրամանեանը

2020-09-10
Image

ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Արսէն Ճուլֆալաքեանը դիմած է ՀՀ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանին պատգամաւորական մանտաթը վար դնելու կապակցութեամբ:

Ճուլֆալաքեան  հանդէս  եկած է յայտարարութեամբ, որուն մէջ նշած է, որ այդ քայլի դիմելու պատճառը ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ ունեցած սկզբունքային անհամաձայնութիւններն են անոր ենթակայութեան տակ գտնուող ոլորտներու կառավարման մօտեցումներու վերաբերեալ:

Երէկ մանտաթը վար դնելու մասին յայտարարած Արսէն Ճուլֆաքեանը պիտի փոխարինէ Նարեկ Ղահրամանեանը, որ «Իմ քայլը» դաշինքի համամասնական ցուցակի յաջորդ համարն է: Ան 2018-ին Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ նշանակուած էր Կապանի քաղաքապետի պաշտօնակատար:

1991-ի ծնունդ Նարեկ Ղահրամեանը ՔՊ կուսակցութեան հիմնադիր անդամ է։