«Իմ քայլը» խմբակցութիւնը կ'առաջարկէ ԱԺ արտահերթ նիստ գումարել

2021-03-17
Image

«Իմ քայլը» խմբակցութիւնը ԱԺ խորհուրդին միջնորդութիւն ներկայացուցած է 19 մարտին, ժամը 11։00–ին ԱԺ արտահերթ նիստ գումարել։ Այս մասին կը տեղեկանանք ԱԺ պաշտօնական կայքէջէն։

Օրակարգի վրայ է «ՀՀ Դատական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին», «ՀՀ Քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին», «ՀՀ Քաղաքացիական դատավարութեան օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին», «ՀՀ Վարչական դատավարութեան օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին», «Պետական տուրքի մասին» օրէնքին մէջ  լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը։