«Իմ քայլը» խմբակցութիւնն արտահերթ ընտրութիւններու պահանջ չի տեսներ

2021-02-08
Image

Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը 7 Փետրուարին հանդիպում ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, որմէ ետք հանդէս եկած է յայտարարութեամբ:

«Հանդիպման ժամանակ արձանագրուած է, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնելու մասին վարչապետի առաջարկը դրական արձագանգ չէ ստացած խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէ, հասարակութեան լայն շերտերու շրջանին չկայ արտահերթ ընտրութիւններու պահանջ, «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ վարչապետին եւ կառավարութեան 18 նոյեմբերին ներկայացուած ճանապարհային քարտէզի իրականացման գործին»,- ըսուած է խմբակցութեան տարածած յայտարարութեան մէջ։