«Իմ քայլը» հակուած է համամասնական ընտրակարգով արտահերթ ընտրութիւններու երթալուն

«Իմ քայլը» խմբակցութիւնը հակուած է Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ ամբողջապէս համամասնական համակարգին անցում կատարելուն եւ համամասնական ընտրակարգով արտահերթ ընտրութիւններու երթալուն: Այս մասին այսօր ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցը:
«Հիմա քննարկումներ են ընթանում։ Ընտրական օրէնսգրքի փոփոխութիւնների մասին փաթեթը բաւականին ներառական է եղել, ուստի քննարկումներին մասնակցածների հետ ենք հիմա եւս քննարկումներ անցկացնում»,- նշած է ան, նաեւ ըսած է, որ փոփոխութիւններն առաջին հերթին պարզեցումներ պէտք է բերեն, որ խնդիրներ չըլլան:
Ինչ կը վերաբերի իրենց խումբի մասնակցութեան, ապա Լիլիթ Մակունցը կը կարծէ, որ ցուցակը գլխաւորելու հետ կապուած հարցն ակնյայտ է, Նիկոլ Փաշինեանը պիտի ըլլայ, իսկ միւս թեկնածուներու մասին խօսիլը դեռ շուտ է ։