«Իրավիճակը կը շարունակէ մնալ շատ լարուած». տեղի ունեցած է Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյց

2022-09-16
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Զրուցակիցներն անդրադարձած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակին: Նիկոլ Փաշինեանն ընդգծած է, որ հակառակ որ  ներկայիս սահմանին յարաբերական հանգիստ է՝ ՀՀ ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով իրավիճակը կը շարունակէ մնալ շատ լարուած:

ՀՀ վարչապետը եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահը քննարկած են Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեանն ուղղուած ՀՀ դիմումի վերաբերեալ ընդունուած որոշումներու իրականացման վերաբերող հարցեր: