«Ի Գործ»․ սփիւռքի մասնագէտները կը հրաւիրեն աշխատելու ՀՀ կառավարութեան մէջ․ կեցութեան համար պիտի տրուի ամսական 336 հազար դրամ
ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը կը մեկնարկէ «Իգործ» բացառիկ ծրագիրը եւ սփիւռքահայ մասնագէտներուն կը հրաւիրէ աշխատելու Հայաստանի պետական մարմիններու մէջ: Ծրագիրը նպատակ ունի նպաստելու պետութեան կառավարման գործին սփիւռքի զարգացած ներուժի ներգրաւման եւ մասնագիտական հայրենադարձութեան գործընթացի աշխուժացման, կը հաղորդէ “Արմռատիօ”-ն:
Ըստ պետական օղակներու կողմէ ներկայացուած մասնագիտական կարիքներուն` ծրագրի ծիրէն ներս սփիւռքահայ մասնագէտները գործունէութիւն պիտի ծաւալեն Հայաստանի Հանրապետութեան գրեթէ բոլոր նախարարութիւններու եւ կառավարութեան առնթեր մարմիններու մէջ` ներդնելով սեփական փորձն ու գիտելիքները համապատասխան ոլորտներու բարելաւման եւ զարգացման, քաղաքականութիւններու եւ ծրագիրներու մշակման գործին:
Ծրագրին դիմելու համար անհրաժեշտ է ունենալ մագիստրոսի կամ աւելի բարձր գիտական աստիճան: Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը մասնակիցներուն պիտի տրամադրէ օդանաւի տոմս եւ 336 հազար դրամ գումար կեցութեան ծախսերը հոգալու համար: Ծրագիրը պիտի տեւէ մէկ տարի եւ պիտի մեկնարկէ Յուլիս 1-էն։
Մասնակցելու համար անհրաժեշտ է լրացնել յայտադիմումը մինչեւ Ապրիլ 15-ը հետեւեալ յղումով` http://diaspora.gov.am/hy/pages/97/igorts: