«Կարմիր խաչի» միջնորդութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է եւս 8 բուժառու

Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի կողմէ արգելափակելու պատճառով Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»էն ուռուցքային հիւանդութիւններով եւ շտապ վիրահատական միջամտութիւններ պահանջող ախտաբանութեամբ 8 անձ, այսօր՝ 21 փետրուարին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ տեղափոխուած է ՀՀ մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։
Ինչպէս յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութենէն, 5 բուժառուներ, որոնք պետական պատուէրի շրջածիրէն ներս ուղեգրուած են Հայաստան բուժում ստանալու համար, ուղեկցողներու հետ վերադարձած են Արցախ։
Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող բուժհաստատութիւններուն մէջ կը շարունակուին դադրեցուած մնալ ծրագրային վիրահատութիւնները։
«Արեւիկ» բժշկական միաւորման մէջ 5 երեխայ կը գտնուի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներու մէջ:
«Հանրապետական բժշկական կեդրոն»ին մէջ 7 բուժառու կը գտնուին վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ, որոնցմէ 3-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ են։
Մինչ այսօր Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած են ընդհանուր 113 հիւանդ։