«Կը շնորհաւորեմ Հայաստանի ժողովուրդը եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը». Ճօ Պայտընէն շնորհաւորանք

2021-06-29
Image

Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտըն թուիթըրեան գրառումով անդրադարձած է Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ շնորհաւորած Նիկոլ Փաշինեանը:

«Կը շնորհաւորեմ Հայաստանի ժողովուրդը եւ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանը յաջող խորհրդարանական ընտրութիւններու կապակցութեամբ: Հայաստանի հետ մեր գործընկերութիւնը ընդհանուր արժէքներէն մէկն է, եւ համագործակցութիւնը ժողովրդավարական բարեփոխումներու ու հակամարտութիւններու կարգաւորման հարցով. մենք հաւատարիմ ենք այդ գործընկերութեան ամրապնդման»,- ըսուած է գրառման մէջ: