«Հայաստանը հարեւաններից տարածքային պահանջներ չունի». Սիմոնեանը՝ Պահրէյնի մէջ ընթացող Միջխորհրդարանական միութեան վեհաժողովին

Մինչ Պաքու կը շարունակէ խօսիլ արցախահայերուն՝ «Ատրպէյճանի կազմին մէջ սպասուող ապագային», տարածքային ամբողջականութեան մասին, Հայաստան դարձեալ կը յայտարարէ, որ իր դրացիներէն տարածքային պահանջներ չունի: Պահրէյնի մէջ ընթացող Միջխորհրդարանական միութեան վեհաժողովին ընթացքին այս մասին ըսած է Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան:
Հայաստանի միջազգային քաղաքականութեան անկիւնաքարը, ըստ անոր, բոլոր երկիրներուն հետ խաղաղ յարաբերութիւններու պահպանումն է, սակայն, հակառակ անոր, երկիրը կը բախի բազմաթիւ սպառնալիքներու:
«Հարաւային Կովկասում լարուածութիւնը շարունակւում է», ըսած է Սիմոնեան՝ նախ յիշեցնելով, որ արդէն գրեթէ երկու տարիէ ի վեր Ատրպէյճան խախտած է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ բռնագրաւելով շուրջ 150 քառակուսի քիլոմեթր տարածք:
Ան խօսեցած է նաեւ Լաչինի միջանցքի փակման մասին՝ մատնանշելով, որ անիկա Հայաստանը եւ աշխարհը Արցախին կապող միակ ճամբան է: «Այդ ճանապարհը քաղաքացիական այլ տրանսպորտային (փոխադրութեան) միջոցների համար անհասանելի է 2022 թուականի Դեկտեմբերի 12ից եւ արգելափակուած է տասնեակ ադրբեջանցի գործակալների կողմից, որոնք քօղարկւում են «բնապահպանական ակտիւիստներ (գործիչներ)» անուան տակ»,-ըսած է Սիմոնեան
Ան նաեւ հերքած է Ատրպէյճանի պնդումը, թէ Հայաստան զէնք կը մատակարարէ Արցախին: